Յունիս 13-ին Լոնտոնի մէջ ՀՅԴ Դարբինեան կոմիտէի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն-ձեռնարկ՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 101-ամեակին, որուն մասնակցած են նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր-Գէորգեան (Ֆրանսա):

Բացման խօսքին մէջ ՀՅԴ Լոնտոնի կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Քիլեան շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւիրեալներուն՝ անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման պատմական քայլի կարեւորութեան, ապա բեմ հրաւիրած է Անգլիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ Սթեֆան Փաունտը: Վերջինս դրուատանքով խօսած է հայ-անգլիական խորհրդարանական սերտ յարաբերութիւններուն, Լոնտոնի հայ գաղութին եւ յատկապէս Հայ դատի յանձնախումբին հետ համագործակցութեան մասին, աշխատանքներ, որոնք զինք մղած են ըլլալու հայ ժողովուրդի կողքին՝ ներդնելով բոլոր կարելիութիւնները:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան իր շնորհակալական խօսքէն յետոյ անդրադարձած է 1918 Մայիս 28-ի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման բոլոր նուիրեալներուն եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի կամքը ներկայացնող Արամ Մանուկեանի կերպարին, որ ճակատագրական պահուն կրցաւ յորդորել, համախմբել բոլորը եւ վերջնական յաղթանակ ապահովել հայ ժողովուրդին համար:
Ձեռնարկի աւարտին Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչ Արամ Արարատեան ներկաներուն հաղորդած է օրուան պատշաճ առիթով՝ դեսպանութեան խօսքը: Ան անդրադարձած է նաեւ իշխանափոխութենէն յետոյ Հայաստանի մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ տնտեսական կեանքի հեռանկարներուն:
Վերջաւորութեան՝ փակման խօսքով հանդէս եկած է Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի հոգեւոր առաջնորդ Գերշ. սրբազան Յովակիմ Մանուկեան: Ան շնորհաւորած եւ դրուատանքի խօսք արտասանած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 101-ամեակին առթիւ եւ շնորհակալութիւն յայտնած՝ ներկաներուն ու ձեռնարկի կազմակերպիչ ՀՅԴ Լոնտոնի շրջանի կոմիտէութեան: ■
Նոր Յառաջ