Չորեքշաբթի, Մայիս 3-ին Փարիզեան արուարձաններէն Իսի-լէ-Մուլինոյի Ֆրանսայի Փաստաբաններու պատրաստութեան դպրոցի ընդունարանին մէջ տեղի ունեցաւ Գրիգոր Զօհրապի յիշատակին զետեղուած յուշատախտակին բացումը, ձեռամբ՝ Փարիզի Փաստաբաններու պալատի նախագահ Ֆրետերիք Սիքարի եւ փոխնախագահ Տոմինիք Աթթիասի, ինչպէս նաեւ Հայ փաստաբաններու եւ իրաւաբաններու ընկերակցութեան նախագահուհի Վիրժինի Տիւշէնի, Հօ-տը-Սէնի Նահանգային խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տէվէճեանի եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի։