Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times
brussel exb 2016Մարտ 4, 2016, Պրիւքսել.- Այսօր իր աւարտին հասաւ «Ցեղասպանութիւն՝ Ցեղասպանութենէն ետք» ցուցահանդէսը, որ մէկ շաբթուան համար ցուցադրուեցաւ Պրիւքսելի մէջ, Եւրոխորհրդարանէն ներս: Ցուցահանդէսը իրականացաւ եւրոերեսփոխան Նիքոլաոս Անտրուլաքիսի (ընկերվարականներու եւ ժողովրդավարներու խմբակցութիւն, Յունաստան) հովանի ներքոյ: Ցուցահանդէսը համակազմակերպուած էր Հայկական ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեանց կեդրոնի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի կողմէ: 32 լուսանկարներ, նկարուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ Հայկական ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեանց կեդրոնի ղեկավար Սամուէլ Կարապետեանի եւ իր գործընկերներուն կողմէ, կը բացայայտեն հայկական եկեղեցիներու իրավիճակը 1915 թուականէն առաջ եւ ետք: