Մարտ 5 եւ 6ին, Գերմանիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդանիստ Քէօլն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Թեմական-Պատգամաւորական տարեկան հերթական ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան Թեմի 15 համայնքներէն շուրջ 35 պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ Թեմին հոգեւոր դասը` նախագահութեամբ Գարեգին Արք. Պեքճեանի: