Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times
conference-flyer MICHIGANՏիրպորն, Միշիկըն, 2 Մարտ 2016 (Հայագիտական Հետազօտութիւններու Կեդրոնի մամլոյ հաղորդագրութիւն) - Միշիկընի Համալսարան-Տիրպորնի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Կեդրոնը պիտի հիւրընկալէ «Հայերը եւ Պաղ Պատերազմը» թեմայով աննախընթաց, բազմա-գիտակարգային, միջազգային գիտաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ 1-3 Ապրիլ 2016-ին։ Երեսուն ակադեմականներ՝ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներէն, Եւրոպայէն եւ Հայաստանէն, պիտի մասնակցին այս գիտաժողովին։