Վերջին շաբաթներու ընթացքին, Մայրիներու երկիրի երիտասարդութիւնը առաջին անգամ ըլլալով ոչ թէ հրացաններու համազարկով, այլեւ իր նորահաս սերունդին հոգեկան ուժերու անսանձ խոյանքով ոտքի էր ելած, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ, լիբանանեան քաղաքական հին ու կարծրացած մտայնութիւնները կործանելու եւ անոր փլատակներուն վրայ նորը, մարդկայինն ու արդարը կառուցելու: Բովանդակ Լիբանանը՝ հիւսիսէն մինչեւ հարաւ, կ'ապրէր յեղափոխութեան ազատարար շունչով:
ՊԱ՛ՀՆ Է ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ԱՐԵՒԱԾԱԳԸ ՈՂՋՈՒՆԵԼՈՒ-Պայծիկ Գալայճեան
Typography
- Smaller Small Medium Big Bigger
- Default Helvetica Segoe Georgia Times
- Reading Mode