Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

beirutՎերջին շաբաթներու ընթացքին, Մայրիներու երկիրի երիտասարդութիւնը առաջին անգամ ըլլալով ոչ թէ հրացաններու համազարկով, այլեւ իր նորահաս սերունդին հոգեկան ուժերու անսանձ խոյանքով ոտքի էր ելած,  Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ, լիբանանեան քաղաքական հին ու կարծրացած մտայնութիւնները կործանելու եւ անոր փլատակներուն  վրայ  նորը, մարդկայինն ու արդարը կառուցելու: Բովանդակ Լիբանանը՝ հիւսիսէն մինչեւ հարաւ, կ'ապրէր յեղափոխութեան ազատարար շունչով: