Ամսթերտամ-Փարիզ գնացքին մէջ վերջերս տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքը կանխելու իր փորձի ընթացքին բաւական լրջօրէն վիրաւորուած ամերիկահայ Մարկ Մուղալեանի առողջական վիճակը կը բարելաւուի: Այս մասին կը յայտնէ Le Parisien-ը, հիմնուելով Լիլ քաղաքի հիւանդանոցի պատասխանատուներուն հաղորդած լուրերուն վրայ: