Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- «Հայու քրտինքով ու արիւնով թրծուած կիլիկեան հողին ու յատկապէս Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի միւռոնաբոյր հողին վրայ կանգնած՝ մեր դարաւոր կաթողիկոսարանի վերադարձը կը պահանջենք եւ մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը կը վերահաստատենք՝ հաւատարիմ նահատակներու սրբազան կտակին». Արամ Ա. կաթողիկոսի խոր հաւատքին, ամուր կամքին ու զօրեղ յանձնառութեան արտայայտութիւնը եղող այս բառերը հնչեցին Սիսի պատմական կաթողիկոսարանէն՝ հայ ժողովուրդին ուղղուած Հայրապետական պատգամին մէջ: