ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Վահագն Դաւթեան դարձաւ ոսկի, իսկ Արթուր Աւետիսեան՝ արծաթ մետալակիր, աշխարհի բաժակի մրցաշարքին մէջ:
Տոհայի մէջ տեղի ունեցող մրցաշարքին, օղակներու վարժութեան մէջ Վահագն Դաւթեան՝ հաւաքելով 14,700 կէտ, գրաւեց առաջին դիրքը, իսկ Արթուր Աւետիսեան 14,500 կէտով երկրորդն է:
Աւելի կանուխ, նժոյգի վարժութեան մէջ Յարութիւն Մերդինեան դարձաւ պրոնզէ մետալակիր, իսկ Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Արթուր Դաւթեան հենացատկի մէջ նուաճեց ոսկի մետալը:
Այս մասին հայտնում է Ասպարեզը։
Արթուր Դավթեան