Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

Արձանագրութիւնները սկսած են։ 2022 տարեշրջանի «Զարմանազան»՝ արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օթ-Սաւուա» կոչուած շրջանը, 11 Յուլիսէն մինչեւ 6 Օգոստոս 2022։

Զարմանազանը այն վայրն էուր վայելքով՝ լեզուն կ՚իւրացուի ու այս նպատակով կը հաւաքուին սփիւռքի երեխաներըերիտասարդներըուսուցիչները եւ ուղեկիցները։

Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներորոնք սերտօրէն առնչուած են իրարու.

·      10-էն 17 տարեկան երեխաներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը,

·      18-էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը,

·      Սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած համալսարանական ծրագիր մը։

Պատանիները եւ երիտասարդները իրենց տարիքին համաձայն զանազան աշխատանոցներու պիտի մասնակցինինչպէս՝ տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներարհեստներերաժշտութիւնմարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացումազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստերխմբային խաղերբնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ։

Բոլոր նիստերուն ու աշխատանոցներուն ընթացքին՝ յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնըմասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ։ Երիտասարդներու խումբին մասնակիցները պէտք է միջին մակարդակով հայերէն գիտնան։

Այս երկու ծրագիրներու մասնակիցներուն թիւը սահմանափակ է։ Հաճեցէք նկատի առնել նաեւ արձանագրութիւններուն ժամկէտը՝ 6 Մարտ 2022։

Գալով սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած խտացեալ ծրագրին՝ մէկ մասը տեղի կ՚ունենայ Զարմանազանի ընթացքինիսկ միւս մասը առցանց՝ տարուան ընթացքին եւ կ՚աւարտի Ինալքոյի կողմէ վկայագիրով մը։ Ծրագիրը կը վարեն մասնագէտներորոնք կ՚առաջարկեն թէ՛ տեսական դասաւանդութիւն մըթէ՛ ալ վերապատրաստութեան խմբային աշխատանքներ։ Այս ծրագրին միայն 15 ուսուցիչ կարելի է ընդունիլ։ Ծրագրին եւ արձանագրութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին շուտով։

Քովիտի համաճարակին  առնչութեամբ՝ ճամբարին կազմակերպութիւնը պիտի հետեւի Ֆրանսայի առողջապահական պարտադիր կանոններունզգուշաւոր շարժուձեւերմաքրութիւնհականեխումբժշկական հսկողութիւն եւ այլ կանոններորոնք մանրամասն յայտարարուած են։

Ինչ կը վերաբերի մասնակիցներու պատուաստումինպիտի հետեւինք նոյնպէս Ֆրանսայի մէջ ընդունուած կանոններուն։ Մասնակիցներէն կը խնդրուի որ տեղեկանան նաեւ իրենց բնակած երկիրներէն դէպի Ֆրանսա ճամբորդութեան կանոններուն։

Արձանագրութեան եւ այլ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք՝

www.zarmanazan.com

«Զարմանազան» մանկավարժական ծրագիրը ստեղծուած է 2017-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին կողմէորպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագրին մէկ բաժինը։ Կազմակերպուած է Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկին համագործակցութեամբ։

«Զարմանազան» ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ Մարզանքի Նախարարութեան կողմէ։

 

orer.eu