Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Պոլսոյ «Ակօս» թերթի նախկին խմբագրութեան մօտ` ճիշդ հոն, ուր 15 տարի առաջ սպաննուեցաւ պոլսահայ մտաւորական, թերթին հիմնադիրը եւ գլխաւոր խմբագիրը՝ Հրանդ Տինք, Չորեքշաբթի, 19 Յունուարին տեղի ունեցաւ ոգեկոչման միջոցառում մը:

Այս տարի եւս ելոյթով հանդէս եկաւ մտաւորականին այրին` Ռաքել Տինք, որ ելութ ունենալով՝ ըսաւ. «15 տարի առաջ թիկունքէդ արձակուած կրակոցները քեզ հեռացուցին մեզմէ: Ձայնդ դեռ ականջիս մէջ կը մնայ: Ամէն անգամ, երբ պատմէիր, թէ ինչ ըրած են քու ժողովուրդին, քեզի կը մեղադրէին դաւաճանութեամբ եւ թիկունքէն հարուածելու յանցանքով… Միշտ կ՛ըսէիր. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, լաւութիւն ըրէք ձեզ ատողներուն, աղօթեցէք վիրաւորողներուն համար»: Ես կ՛աղօթեմ»:

Իր ելոյթին մէջ Ռաքել Տինք անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ մէջ վերջին տարիներուն սաստկացած մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումներուն, ընդդիմադիր եւ ոչ իշխանահաճոյ գործիչները լռեցնելու փորձերուն եւ զանոնք ձերբակալելու փաստերուն:

«Քեզ հողին յանձնելու ընթացքին հոսկէ բարձրացող ըմբոստութեան եւ մերժումի ձայնը չլռեց եւ պիտի չլռէ: Բանուորները, կիները, ուսանողները, գիւղացիները դարձեալ պայքարի մէջ են: Օր մը նորէն պիտի միանան եւ հեղեղ դառնան», եզրակացուց Տինքի այրին:

Արարողութեան ներկայ էր նաեւ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, Տինքի ընկերները եւ գաղափարակիցները, մտաւորականներ ու գործիչներ: «Մենք հոս ենք եւ պիտի շարունակենք պայքարիլ արդարութեան համար», խոստացան Տինքի ընկերները: