«Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը» Տարբերակ21 առցանց հանդէսին (www.darperag21.net) կողմէ կազմակերպուած փորձագրական (essay) մրցոյթ է, որուն կրնան մասնակցիլ պատմաբանութեան, քաղաքագիտութեան, ընկերաբանութեան, մշակութաբանութեան եւ այլ գիտութիւններու 25-էն 40 տարեկան ուսանողներ եւ մասնագէտներ աշխարհի բոլոր կողմերէն: Մրցոյթը յաղթող գրութեան հեղինակը կամ հեղինակները պիտի ստանա(ն)յ 150 ամերիկեան տոլարի մրցանակ. երկու այլ գրութիւններու պիտի շնորհուին յատուկ գնահատանքի մրցանակներ՝ իւրաքանչիւրը 75 ամերիկեան տոլարի չափով: Մրցոյթին ներկայացուած այլ գրութիւններու հեղինակները, որոնց գործերը կը հրապարակուին Տարբերակ21 հանդէսին մէջ, կը ստանան 30 ամերիկեան տոլարի պատուեգին:
Ա. Թեման.
Մրցոյթին մասնակիցները իրենց յօդուածներուն մէջ հիմնականին մէջ պէտք է պատասխանեն հետեւեալ հարցերուն.
- Ով է այն անձը, որ մեծագոյն ազդեցութիւնը ձգած է հայ ժողովուրդի 18-րդէն 21-րդ դարերու պատմութեան վրայ:
- Ինչին մէջ կը կայանայ այդ ազդեցութիւնը՝ պատմականօրէն:
- Ինչով կ՛արտայայտուի այդ ազդեցութիւնը՝ այժմէականօրէն:
Բ. Առարկան.
- Յօդուածներու առարկայ կրնան դառնալ էթնիկ-ազգային պատկանելութեան առումով իրենք զիրենք հայ համարող՝ 18-րդէն 21-րդ դարու տարբեր ոլորտներու գործիչներ, որոնց միտքն ու գործունէութիւնը սերտօրէն կապուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան՝ վերջինիս բնապատմական տարածքին մէջ թէ անորմէ դուրս:
- Բացի անձնաւորութիւններէ, յօդուածներու առարկայ կրնան դառնալ նաեւ որոշակի ոլորտ կամ գործառոյթ ներկայացնող հաւաքական կերպարներ (ինչպէս օրինակ՝ «հայ եկեղեցականը», «հայ շինականը», եւայլն):
Գ. Պայմանները.
- Յօդուածը ներկայացնել հայերէն կամ անգլերէն:
- Յօդուածը ներկայացնել շարուած՝ Microsoft Word-ով:
- 3․ Ծաւալը՝ մօտաւորապէս 1000 բառ (ոչ՝ աւելի), ծանօթագրութիւնները կամ յաւելուածները՝ չհաշուած:
- Տառատեսակը՝ Sylfaen, չափը՝ 12 կէտ, բոլոր էջերը՝ տողերու կրկնակի տարածութեամբ, բոլոր կողմերէն՝ 1 inch լուսանցքներով:
- Յօդուածին վրայ չնշել հեղինակի կամ հեղինակներու անուններ:
- Յօդուածէն անջատ բայց անոր հետ նոյն նամակով ուղարկուած բացատրական էջի մը վրայ նշել հեղինակին կամ հեղինակներուն անունները, յօդուածին վերնագիրը, բնակութեան հասցէն, հեռաձայնի թիւը եւ իմէյլ հասցէն:
- Այն յօդուածները որոնք չեն համապատասխաներ այս պայմաններուն կրնան մրցոյթէն դուրս մնալ:
Դ. Պայմանաժամը
- Յօդուածները պէտք է ուղարկել մինչեւ 28 Յունուար, 2022:
- Յաղթողները պիտի յայտարարուին 28 Փետրուար, 2022-ին:
- Տարբերակ21 հանդէսը իրեն կը վերապահէ մրցոյթին ներկայացուած որեւէ յօդուածի հրապարակում՝ իր կայքին մէջ:
Ե. Ուղարկում
Յօդուածը եւ անոր բացատրական էջը, առանձին՝ MS Word-ի մէջ շարուած, միեւնոյն նամակով ուղարկել Այս էլ-փոստի հասցեն ծածկագրված է թափոնափոստի բոթերից։ Այն տեսնելու համար անհրաժեշտ է միացնել JavaScript։ հասցէին, մինչեւ 28 Յունուար, 2022: