Նոյեմբեր 6ին, Շաբաթ առաւօտեան, Մխիթարեան մայրավանք այցելեց Իտալիայի Ծերակոյտի Նախագահ Տիկին Մարիա Էլիզապեթթա Քազելլաթին, որու կ՚ընկերանար Վենետիկի կուսակալ Տիար Վիտտորիոյ Ծափփալորթոյ։
Պատուարժան հիւրն ընդունեցան վանքի նաւատամոյցին վրայ Մխիթարեան միաբանութեան Քահանայապետական Պատուիրակ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը եւ միաբան հայրերէն Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեանը։
Ներկայ էին Իտալիոյ պետութեան մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր Դեսպան Ն.Գ. Տիկին Ծովինար Համբարձումեանը, Վենետիկի ՀՀ Պատուաւոր Հիւպատոս Տիար Գագիկ Սարուխանեանը, ինչպէս նաեւ Վենետիկի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչ՝ Տիար Սիմոնէ Վէնթուրինի եւ Վենետիկի Քաղաքապետարանի Գլխաւոր Տնօրէն՝ Տիար Մորրիս Չէրոն, Վենետիկի Քաղաքապետարանի Գեղարուեստի Վերահսկիչ՝ Տիկին Էմանուէլա Քարբանի, Վենետիկի Ոստիկանապետ Մաուրիցիոյ Մաշոբինտոյ, Հիւսիս-արեւելեան Իտալիոյ միջնահանգային հարկային հրամանատար՝ Բանակի Զօրավար Պրունոյ Պուրատտի, Վենետոյ նահանգի Քարապինակիրներու հրամանատար՝ Գնդապետ Մոզէ Տէ Լուքի, եւ այլ պատուարժան հիւրեր։
Հայ համայնքի տարբեր բնագաւառներու կարկառուն ներկայացուցիչներ ալ մասնակցեցան այս այցին։
Մխիթար Սեբաստացիի կոթողային ձեռակերտին ծանօթանալով, պատուարժան Տիկինը առաջնորդուեցաւ Եկեղեցի յարգանքի տուրք մատուցանելու համար հիմնադրի շիրիմին։ Ապա այցելեց գրադարանը, թանգարանը եւ հուսկ, պատկերասրահին մէջ, առիթն ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու աշխարհահռչակ ծովանկարիչ՝ Յովհաննէս Այվազովսկիի գլուխ գործոցին՝ Քաոսին։
Ձեռագիրներու Իսպէնեան Մատենադարանին մէջ, առանձին ցուցադրուած էր օրուան բացառիկ առիթով, 862 թուականէն մեզի հասած պատկառելի վաղեմութեան՝ Մլքէ թագուհիի մագաղաթեայ հնագոյն աւետարանը։
Տիկին Նախագահը խորապէս տպաւորուած էր մշակոյթի բազմապիսի բնագաւառներուն մէջ հայ մտքի ձեռք բերած տիտանային յաջողութիւններէն։
Հրաժեշտ առնելէ առաջ, Ծերակոյտի նախագահը եւ Մխիթարեան Միաբանութեան Քահանայապետական պատուիրակը առանձնազրոյց ունեցան մայրավանքի հիւրասենեակին մէջ, ապագայ համագործակցութեան եւ փոխադարձ աջակցութեան հեռանկարներով։
Մխիթարեան միաբանութիւնը իր դարաւոր պատմութեամբ այսօր եւս կը շարունակէ ծառայութիւն մատուցանել հայ ազգին, համայն աշխարհին ծանօթացնելով մեր մշակոյթի անգնահատելի գոհաները, որպէս ապրող մասունքներ համամարդկային քաղաքակրթութեան, որոնք նախանձախնդրօրէն եւ գուրգուրանքով պահպանած է մինչեւ օրս եւ կը շարունակէ վերարժեւորել ու վերամշակել։
orer.eu