Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

 

 

Չեխիոյ Մասարիքի անուան հիմնարկի, Չեխ Գիտութեանց Կաճառի եւ Կարոլեան համալսարանի հովանաւորութեամբ՝ 29 եւ 30 Հոկտեմբերին առցանցօրէն տեղի ունեցաւ կարեւոր միջազգային գիտաժողով մը, Մարեմաբանական հարցերու նուիրուած, պարփակելով երաժշտագիտութիւն, Աստուածաբանութիւն, ձեռագրագիտութիւն եւ արուեստից պատմութիւն: Շեշտը ուշ միջնադարի եւ կեդրոնական Եւրոպայի վրայ էր, սակայն ներկայացուած նիւթերը սկսան Զ. դարու Պետրոց Սիւնեցւոյ գրութիւններէն, հասնելով մինչեւ ԺԹ. դարու Անգլիական եկեղեցեաց նաշխուն ապակեայ զարդարուն լուսամուտներուն (եւ անոնց միջնադարեան ներշնչման աղբերց):

Ամերիկայէն, Կանատայէն, Մեծն Բրիտանիայէն եւ Եւրոպայի զանազան երկիրներէն մասնակցող ականաւոր մասնագիտաց կողքին նաեւ Հայկ Սրկ. Իւթիւճեան հանդէս եկաւ՝ բնականաբար “Manifestations of Marian devotion in Armenian sacred music and theology in the late middle ages”  զեկոյցով, որ դրական ընդունելութեան արժանացաւ: Արդարեւ՝ կազմակերպողները անմիջապէս առաջարկեցին Հայկական աւանդութեան նուիրուած առանձին սեմինար մը սարքել ապագային: Կազմակերպողներն էին դոկտոր Rhianydd Hallas (որ Հայկ Իւթիւճեանի Կարոլեան Համալսարանի Հայագիտական դասընթացից շրջանաւարտ է) եւ գիտապետ դոկտոր Hana Vlhova-Woerner, որ ղեկավարն է Չեխիոյ եւ կեդրոնական այլ երկիրներու գործակցութեամբ իրագործուող Եւրոպական դրամաշնորհի՝ «Հին առասպելներ, նոր տեղիք» կոչմամբ:

Հայկ Իւթիւճեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Արցախի արուեստով սկսաւ, ձեռագրաց Մարեմաբանական մանրանկարչութեամբ, Տիգրան Յոնենցի եւ Գանձասարի ճարտարապետական կոթողները եւս նկատի առնելով (Պրոֆ. Քրիստիա Մարանճիի աշխատանքէն պատշաճ մէջբերումներ կատարելով), եւ ցոյց տալով Վասպուրականի եւ Կիլիկեան աւանդութեանց ընդհանրութիւններն ու զանազանութիւնները, ինչպէս նաեւ մանրանկարչութեան զարգացումը, Ը. դարէն մինչեւ ԺԷ. դար, Աւետման եւ Ննջման նկարներ օգտագործելով:

Անցնելով Պետրոս Սիւնեցւոյ գրութեանց, ցոյց տրուեցաւ թէ ինչպէս իր գլխաւորաբար Հին Կտակարանէն քաղուած Աստուծածնի յորջորջումները մուտք գործեցին Հայոց շարակնոցէն ներս, ուր սակայն նաեւ կը գտնուին որոշ յորջորջումներ զորս Սիւնեցի չի ներկայացներ: Այնուհետեւ՝ Իւթիւճեան ներկայացուց «Անթառամ Ծաղիկ», «Սրբուհի Մարիամ սափոր ոսկի» եւ «Արեւելք գերարփի» շարականները եւ «Երգ զարմանալի» տաղը՝ որոնց անդրադարձաւ երաժշտական, երաժշտագիտական, խազագիտական, ծիսագիտական եւ Աստուածաբանական դիտանկիւններէ, մերթ ընդ մերթ հակիրճ հատուածներ երգելով, բացատրելով, եւ թարգմանութիւններէ հատուածներ ներկայացնելով: Վերջապէս՝ Իւթիւճեան ելոյթը ամբողջացուց Ս. Մարիամ Աստուածածնի մեծարման նուիրուած տաղասացութեան աւանդութիւնը մինչեւ ԺԹ. դարու Կոստանդնուպոլիս հասցնելով:

Ուրախալից է, որ ելոյթը հետաքրքրական հարցմանց առաջնորդեց, եւ գիտաժողովոյ երկրորդ օրուայ եզրափակիչ «կլոր սեղանի» քննարկման ընթացքին դարձեալ Հայկական աւանդութիւնը, Արեւմուտք-Արեւելք յարաբերութիւնները, եւ մանրանկարչութեան, երաժշտութեան եւ Աստուածաբանութեան միջեւ փոխ-աղերսները Հայկական համագրէն ներս դարձեալ ուշադրութեան արժանացան: 

Գիտաժողովի ելոյթներու թողարկումները մօտիկ ապագային «Հին առասպելներ, նոր տեղիք» (Old myths, new facts) հետազօտական ծրագրի կայքէջին վրայ պիտի զետեղուին, իսկ Հայկ Իւթիւճեանի ելոյթը իր անձնական YouTube-ի կայանի վրայ (Haig Utidjian) եւս տրամադրելի պիտի դառնայ:

 orer.eu