Անգարա Սասունեանի ազատ արձակումը «սխալ» որակեց՝ պնդելով, որ նման քայլ մը «ահաբեկչութեան առջեւ զիջելու» համազօր «վտանգաւոր» արարք մըն է ու կը «ծառայէ «քաղաքական նպատակներու համար ահաբեկչութեան օգտագործման» ջատագովներուն։
Յիշեցնենք, որ անցնող Մարտին Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի գրասենեակը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տեղեկացուցած էր, թէ որոշած է նպաստել Համբիկ Սասունեանը ազատ արձակելու ջանքերուն եւ դարձեալ պիտի չընդդիմանայ Սասունեանը ազատ արձակելու՝ Բանտարկեալներու ազատ արձակման խորհուրդի յանձնարարականին։ Աւելի կանուխ, Լոս Անճելըսի Գերագոյն ատեանը բեկանած էր Սասունեանի ազատ արձակումը կասեցուցած Նիւսըմի նախկին որոշումը, կամայական եւ ընթացակարգային կերպով թերի նկատելով նահանգապետին որոշումը։ Հակառակ այն իրողութեան, որ Դեկտեմբեր 2019ին Բանտարկեալներու ազատ արձակման խորհուրդը յանձնարարած էր Սասունեանը ազատ արձակել, Մայիս 2020ին Նիւսըմ որոշած էր արգելակել Սասունեանը ազատ արձակելու քայլը»: