ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԽՈՍՔԸ
Տխուր լուր մըն ալ Մեծն Բրիտանիայէն հասաւ վերջերս: Խոր ցաւով իմացայ, որ Լոնտոնի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ընտանիքի նուիրեալ հայր, գաղափարի ընկեր եւ հարազատ բարեկամ մը՝ համեստ ընկեր Մանուէլ Ադամեանը:
Սեղմ տողերով կարելի պիտի չըլլայ ընթերցողին հարազատօրէն ներկայացնել կուսակցական- հասարակական գործիչ, բանաստեղծ, թատերագիր,կրթական մշակ, խմբագիր ընկեր Մանուէլ Ադամեանը:
Ընկեր Մանուէլ Ադամեան ծնած է 1935-ին, Պէյրութ: Նախնական կրթութեան համար յաճախած է Պէյրութի Աբգարեան վարժարանը: 1968-ին, հայագիտութեան եւ բանասիրութեան մագիստրոսի կոչումով վկայուած է Երեւանի պետական համալսարանէն:
Պէյրութ վերադառնալէ ետք որոշ ժամանակ կը դասաւանդէ ՀԲԸՄ-ի Երուանդ Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկին մէջ: 1971-1987 ձեռնահասօրէն կը վարէ Պէյրութի Սահակ- Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնի պարտականութիւնը:
Ընկեր Մանուէլ Ադամեան եղած է Ս.Դ.Հ.Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան երկարամեայ անդամ եւ անոր կարկառուն դէմքերէն:
ՍԴՀԿուսակցութեան Մեն Բրիտանիոյ շրջանը կազմակերպելու առաքելութեամբ ընտանիքով փոխադրուեցաւ Լոնտոն: Լոնտոնի մէջ հիմնեց եւ խմբագրեց «Կոչնակ», «Նոր Սերունդի Ձայն» պարբերականները (հայերէն-անգլերէն):
Ազգային –կուսակցական բազմանոյթ աշխատանքներուն զուգահեռ, Մանուէլ Ադամեան մնաց Մաշտոցի երդուեալ ծառան, ծաւալեց գրական բեղուն գործունէութիւն: Ստորագրեց ազգային, գրական- մշակութային վերլուծական բազմաթիւ յօդուածներ: Իր գրական ստեղծագործութիւններուն մէջ՝ « Կռունկները Երգեցի« 1963, «Տար Մոխիր» 198, «Քարէ Ծաղիկ», «Ալֆան եւ Օմեկան», Մանուէլ Ադամեան երգեց հայրենիքի սէրով ապրող սփիւռքահայուն ապրումները:
1997-ին լոյս տեսաւ ընկեր Մանուէլ Ադամեան խմբագիրին հրապարակախօսական յօդուածներու ընտրանին՝ « Փաստեր եւ Մտորումներ»: 2011-ին՝ ներկայացումներու ժողովածուն «Թատրերգութիւններ»:
Մանուէլ Ադամեան եղած Է Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ:
Առ ի գնահատանք անոր երկարամեայ ծառայութիւններուն ընկեր Մանուէլ Ադամեան պարգեւատրուած է Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի նախարարութեան մետալով՝ 2010, Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» մետալով՝ 2010, Հայ եկեղեցւոյ Սուրբ Սահակ- Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանով՝ 2013, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» մետալով՝ 2013:
2013-ին Լոնտոնի մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Մանուէլ Ադամեանի գրական- գործունէութեան յիսնամեակը:
Ընկեր Մանուէլ Ադամեան ազգային- հասարակական գործունէութեան երկարամեայ տեւողութեան ընթացքին մնաց պարկեշտ մտաւորականի եւ կուսակցականի տիպար:
Այս քանի մը համեստ տողերը յարգանքի վկայութիւն ըլլան հանգուցեալ ընկերոջ անթառամ յիշատակին:
Երկնային համբերութիւն անոր կեանքի ընկերոջ՝ տիկին Լիլիին, դուստրին՝ Քաթրինին, ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն:
Յիշատակդ վա’ռ: Հողը թեթեւ գայ վրադ: Հանգիստ աճիւններուդ:
Յարգանք բազմամեայ եւ վաստակաշատ աշխատանքիդ սիրելի’ ընկեր:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Բեյրութ