Լիբանանի Նոր Կառավարութիւնը Ծնունդ Առաւ 13 Ամսուան Տառապալից Երկունքէ Ետք. Վարչապետ Միքաթի Կը Խոստանայ Ամէն Ջանք Ի Գործ Դնել` Լուծելու Համար Երկրին Տագնապները։
Նոր կառավարութեան կազմն է.
– Նեժիպ Միքաթի` վարչապետ
– Սաատէ Շամի` փոխվարչապետ
– Պասսամ Մաուլաուի` ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար
– Ֆիրաս Ապիատ` առողջապահութեան նախարար
– Նասեր Եասին` կենսոլորտի նախարար
– Ամին Սալամ` տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար
– Ճորճ Պուչիքեան` ճարտարարուեստի նախարար
– Եուսեֆ Խալիլ` ելեւմուտքի նախարար
– Ալի Համիէ` հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար
– Ապպաս Հաժ Հասան` երկրագործութեան նախարար
– Մոհամետ Մուրթատա` մշակոյթի նախարար
– Մուսթաֆա Պայրամ` աշխատանքի նախարար
– Ապպաս Հալապի` կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար
– Իսամ Շարաֆէտտին` գաղթականներու հարցերու նախարար
– Ապտալլա Պու Հապիպ` արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար
– Ճոնի Քըրըմ` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար
– Ուալիտ Նասսար` զբօսաշրջութեան նախարար
– Ժորժ Քըրտահի` տեղեկատուութեան նախարար
– Հանրի Խուրի` արդարութեան նախարար
– Ուալիտ Ֆայեատ` ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար
– Մորիս Սլիմ` պաշտպանութեան նախարար
– Հեքթոր Հաժժար` ընկերային հարցերու նախարար
– Ժորժ Քալլաս` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար
– Նաժլա Ռիաշի` վարչական բարեկարգումի պետական նախարար
Կառավարութեան նոր կազմը յայտարարելէն անմիջապէս ետք, վարչապետ Միքաթի կատարեց յուզումնախառն յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ լիբանանցիներու տառապանքին:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը Իսրայէլէն բացի բոլորին հետ պիտի գործէ` ի խնդիր Լիբանանի շահերուն:
«Ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեմ` փրկելու համար Լիբանանը: Պիտի թակեմ միջազգային կազմակերպութիւններուն դռները, պիտի դիմեմ արաբական աշխարհին` լիբանանցիներուն տրամադրելու իրենց տարրական ու կենսական կարիքները, եւ կը շեշտեմ Լիբանանի գերագոյն շահերուն համար միասնականութեամբ աշխատելու կարեւորութիւնը»:
Նոր Կառավարութեան Մէջ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչ, Ճարտարարուեստի Նախարար Ճորճ Պուչիքեանի Կենսագրութիւն։
Ճորճ Պուչիքեան ծնած է 10 մայիս 1965-ին: Վկայուած է որակի եւ նորոգութեան մարտահրաւէրներու տնօրինման մարզին մէջ` Ճարտարարուեստի եւ արհեստագիտութեան տնօրինման Քանատայի հիմնարկէն:
Մասնագիտացած է պաշտօններու արժեւորման, ծրագրաւորումի եւ արտադրութեան մարզի տնօրինման,
ծախսերու նուազեցման եւ որակի պահպանման ընդմէջէն` արտադրողականութեան բարելաւումը ապահովելու, պիւտճէներու պատրաստութեան եւ գործարկումի ծախսերու քննութեան մարզերուն մէջ:
Ճ. Պուչիքեան Այնճարի բարեկարգումի խորհուրդի նախագահն է: Ան անդամ է բժշկական սարքեր ներածող սենտիքայի տնօրէն խորհուրդին, Լիբանանեան- զուիցերիական առեւտուրի պալատին:
Հիմնած է լիբանանեան բազմաթիւ յաջող ընկերութիւններ, որոնք նպաստած են Լիբանանի եւ միջինարեւելեան շուկաներուն մէջ միջազգային վաճառանիշերու մուտքը ապահովելու:
Իր ղեկավարած հաստատութիւններն են` «Թեքնոլայն», «Թեքնոլայն օֆշոր», «Պիոտայամընտ Միտըլ Իսթ», «Մետթրէյտ Ֆարմասէոթիքըլ», «Սփէյս միթըր», «Աժտատ» եւ «Անշարժ գոյքերու Պուչիքեան» ընկերութիւնները:
Կը տիրապետէ հինգ լեզուներու` հայերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն:
Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ: