Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ․- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը Ուրբաթ, 3 Սեպտեմբերին վաւերացուց Աշխատանքի, տնտեսական զարգացման եւ տնտեսութեան յանձնախումբի 2 Սեպտեմբերին հաստատած նահանգային խորհրդարանի անդամ Քրիս Հոլտընի ներկայացուցած թիւ 105 բանաձեւը, որ ունէր 64 համաստորագրողներու պատկառելի թիւ մը, եւ որուն նպատակն է Հայաստանի Սիւնիքի մարզին եւ Քալիֆորնիա նահանգին միջեւ քոյր նահանգներու յարաբերութիւններ հաստատել։

 Անցեալ ամիս ներկայացուած բանաձեւը նաեւ Քալիֆորնիոյ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Սիւնիքին եւ կը խոստանայ քաջալերել եւ դիւրացնել կրթական, տնտեսական եւ մշակութային միացեալ ծրագիրներ:

 Բանաձեւին հեղինակն է Հոլտընի պաշտօնակից Ատրին Նազարեան, իսկ համահեղինակներն են՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ Լիսա Քալտերոն, Լօրա Ֆրիտմըն, Ճես Կապրիէլ, Քրիսթինա Կարսիա, Մայք Կիփսըն, Թամ Լեքի, Քեվըն Մալին եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամներ Պապ Արչուլեթա, Անտրէաս Պորկաս, Մարիա էլենա Տուրազօ եւ Էնթընի Փորթանթինօ:

 «Հազարաւոր տարիներով, Սիւնիքը պատմամշակութային հիմնական նշանակութիւն  ունեցած է Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհին համար: Սիւնիքի հետ մեր յարաբերութիւններու ամրապնդումը տեղի կ՛ունանայ ճակատագրական հանգրուանի մը ընթացքին, երբ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նման շրջանային ուժերը վտանգ կը սպառնան Սիւնիքի գոյութեան», շեշտեց Հոլտըն՝ ողջունելով յանձնախումբին կողմէ բանաձեւին վաւերացումը ։

  «Կ՛ողջունենք  Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին կողմէ թիւ 105 բանաձեւին վաւերացումը, որ մեզ կը մօտեցնէ Քալիֆորնիա եւ Սիւնիք քոյր նահանգներուն միջեւ յարաբերութիւններու պաշտօնականացման», ըսաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արմէն Սահակեան՝ աւելցնելով. «Խորհրդանշական էր յանձնախումբին կողմէ բանաձեւին վաւերացումը (2 Սեպտեմբեր), երբ մենք կը նշենք Արցախի Հանրապետութեան 30ամեակը եւ կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը եւ նուիրուածութիւնը՝ պաշտպանելու Հայաստանի եւ Արցախի պետեկանութիւնը եւ անկախութիւնը»:

 

Աղբյուր՝ Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանը Ընդունեց Սիւնիքը Եւ Քալիֆորնիան Քոյր Նահանգներ Հռչակող Թիւ 105 Բանաձեւը – Asbarez – Armenian