100 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ Մալաթիա քաղաքի Ս. Երրորդութիւն (Երեք խորան) հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցուի: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը` յղում կատարելով «Ակօս»-ին:
Կը նշուի, որ եկեղեցին 100 տարի աւերակ վիճակի մէջ եղած է, անոր վերանորոգումը ստանձնած է Մալաթիոյ «ՀԱՅ-ՏԷՐ» կազմակերպութիւնը, որ վերականգնած է սրբավայրին խորանները եւ մկրտարանը:
Եկեղեցին այսուհետեւ երկու գործառոյթ պիտի ունենայ. այնտեղ պէտք է կազմակերպուին հայկական համայնքի պատարագի, մկրտութեան եւ պսակադրութեան արարողութիւնները, սակայն հայկական սրբատեղին պիտի ծառայէ նաեւ իբրեւ մշակութային կեդրոն: Եկեղեցւոյ մուտքին մօտ երեք լեզուով` թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէն գրուած է «Մալաթիոյ Երեք խորան եկեղեցի-Թաշհորան մշակութային կեդրոն»:
26 օգոստոսին, տեղւոյն բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն մասնակցութեամբ պիտի կայանան եկեղեցւոյ պաշտօնական բացման արարողութիւնը: 28 օգոստոսին եկեղեցին պիտի օծուի Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեանի ձեռամբ, իսկ յաջորդ օրը` 29 օգոստոսին պատրիարքը պատարագ պիտի մատուցէ: