Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-  Հայաստան եւ Արցախ  խստօրէն դատապարտեցին Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու՝ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ այցելութիւնը։

 

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուեցան Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ 9-10 Յուլիսին Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւուած տարածքներ կազմակերպուած այցելութեան մասնակցած կարգ մը երկիրներու Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ:

Դեսպաններուն փոխանցուեցաւ իրենց երկիրներու կառավարութիւններուն ուղղուած ազդարարագիրներ, որոնց մէջ յատկապէս կը նշուի, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բացարձակապէս անընդունելի  կը նկատէ Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ, որոնց կարգին՝ Հադրութ եւ Արցախի պատմական կեդրոն` Շուշի քաղաքը, որոնք ենթարկուած են ցեղային զտումներու, իսկ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ գործադրուած են պատերազմական յանցագործութիւններ եւ զանգուածային ոճրագործութիւններ: Ընդգծուեցաւ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները նման նախաձեռնութիւններով կը փորձեն օրինականացնել Արցախի ժողովուրդին դէմ կատարուած յարձակումը եւ ամրապնդել հակամարտութիւնը ուժի կիրարկումով լուծելու սեփական պնդումները:

Հանդիպումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ներգրաւումը նմանօրինակ այցելութիւններուն կը հակասէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ տուեալ երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան ոգիին, ինչպէս նաեւ` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան դիրքորոշման:

«Այս տեսակէտից Հայաստանը հաստատակամօրէն կոչ է անում ձեռնպահ մնալ ցանկացած գործողութիւններից, որոնք կարող են արդարացնել ուժի կիրառումը եւ դրանով իսկ խաթարել տարածաշրջանային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը: Ուժի կիրառումը եւ զանգուածային ոճրագործութիւնները չեն կարող լուծել ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, որի կարգաւորումը հնարաւոր է միայն բանակցութիւնների միջոցով` միջազգային մանդատ ունեցող միակ ձեւաչափի` ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան շրջանակներում», կը նշուի նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ աղբիւրին` Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը նախաձեռնեց նաեւ քայլերու` հասցնելու Հայաստանի Հանրապետութեան վերոնշեալ դիրքորոշումը համապատասխան այն երկիրներու մայրաքաղաքներուն, որոնք իրենց դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները Հայաստանի մէջ հաւատարմագրած են համատեղութեան կարգով:

Միւս կողմէ, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հետեւեալ  յայտարարութեամբ  դատապարտեց այս այցելութիւնը.

«Նմանատիպ գործողութիւններով Ադրբեջանը փորձում է ամրագրել 2020 թ. Սեպտեմբերի 27ին Թուրքիայի եւ միջազգային ահաբեկչական ու ծայրայեղական կազմակերպութիւնների անդամների աջակցութեամբ Արցախի Հանրապետութեան դէմ իր կողմից սանձազերծուած նախայարձակ պատերազմի արդիւնքները։ Եւս մէկ անգամ ընդգծում ենք, որ ներկայիս իրավիճակն Ատրպէյճանի ապօրինի գործողութիւնների հետեւանք է։ Ադրբեջանը կոպտօրէն խախտել է միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները, ինչպիսիք են ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառում, վէճերի խաղաղ կարգաւորում, մարդու իրաւունքների եւ հիմնարար ազատութիւնների յարգում, ժողովուրդների իրաւահաւասարութեան եւ սեփական ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունք, ինչպէս նաեւ միջազգային պարտաւորութիւնների բարեխիղճ կատարում։
 «Ադրբեջանի՝ ներկայիս ապօրինի իրողութիւններն օրինականացնելու փորձերը նշանակում են նաեւ սանձազերծուած պատերազմի, միջազգային ահաբեկիչների հետ համագործակցութեան, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշների խախտման եւ ռազմական յանցագործութիւնների արդարացում։ Ափսոսանք է առաջացնում այն փաստը, որ Ադրբեջանում հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտները ենթարկուել են Ատրպէյճանի նենգամիտ գործողութիւններին, որոնք ոչ միայն միտուած են Ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման գործընթացի վերսկսումը թոյլ չտալուն, այլ նաեւ խարխլում են միջազգային յարաբերութիւնների կարգերը՝ հիմքեր ստեղծելով ապօրինի գործողութիւնների արդիւնքներն ընդունելի կանոն ճանաչելու համար։ Ուժի սպառնալիքի կամ կիրառման արդիւնքում ձեռք բերուած ոչ մի տարածքային նուաճում չպէտք է ճանաչուի օրինական։

«Կրկին յայտարարում ենք, որ 44օրեայ պատերազմի ընթացքում Թուրքիայի եւ միջազգային ահաբեկիչների աջակցութեամբ Ադրբեջանի կողմից զաւթուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքները՝ Շուշի քաղաքը ներառեալ, միջազգային իրաւունքի չափանիշների համաձայն ժամանակաւորապէս գրաւուած տարածքներ են։ Ինչպէս տարածքային, այնպէս էլ մշակութային, տնտեսական եւ պատմական առումներով Շուշին Արցախի անքակտելի մասն է։ Այն անջատելու ցանկացած փորձ Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան կոպիտ խախտում է։

«Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը եւ Արցախի կողմից միջազգային իրաւակողմնակալութեան ձեռքբերումը հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման եւ տարածաշրջանում կայուն խաղաղութեան հաստատման պարտադիր պայմաններ են։ Կոչ ենք անում ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ երկրներին բանակցային գործընթացի վերսկսմանն ուղղուած քայլեր ձեռնարկել՝ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման նպատակով»։