Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

 

 

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը մեկնարկեց կրթաթոշակներու նոր ծրագիր մը Յունուար 2021-ին, որ կը կեդրոնանայ Արցախի մասին հետազօտական աշխատանքներու վրայ: Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ Բաժանմունքին «Հայագիտութեան կարճաժամկէտ կրթաթոշակ»-ի ծրագիրին, եւ կը նպատակադրէ քաջալերել Արցախի վերաբերեալ ժամանակակից ուսումնասիրութիւնները, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով յետ-1994-եան ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ առկայ կացութեան։  

 

Դիմումներու առաջին փուլին (Մարտ 1-էն Ապրիլ 20), չորս տարբեր երկիրներէ դիմումներ կատարուեցան. Հայաստան, Ֆրանսա, Լիբանան եւ Միացեալ Նահանգներ։ Այս փուլին, ութ դիմողներ կրթաթոշակ ստացան, հաշիւի առնելով դիմումներուն որակը եւ ուսումնասիրութեան առարկաներուն այժմէականութիւնը: Նիւթերն են՝ արտաքին քաղաքականութիւն եւ ապահովութիւն, միջազգային օրէնք, մշակութային ինքնութիւն, սեռային ներառականութիւն, խաղաղութեան հաստատում, սնունդի ապահովութիւն, ինչպէս նաեւ բնապահպանական հարցեր։

 

Կրթաթոշակներուն ընդհանուր գումարը 30,000 եւրօ է, որ յատկացուեցաւ հետեւեալ դիմողներուն.

 

  • Ատրինէ Գրիգորեան(ԱՄՆ)
  • Դկտ.Ալբերթ Հայրապետեան (Հայաստան)
  • Արմէն Ասրեան(Հայաստան)
  • Դկտ.Քարոլ Ման (Ֆրանսա)
  • Ղարիպ Յարութիւնեան(Հայաստան)
  • Դկտ.Իկոռ Տորֆման-Լազարեւ (Ֆրանսա)
  • Դկտ.Ռուբէն Էլամիրեան (Հայաստան)
  • Դկտ.Թալին Փափազեան (Ֆրանսա)

 

Կը շնորհաւորենք բոլոր նպաստառուները, եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կը սպասենք այլազան ուսումնասիրութիւններուն  արդիւնքներուն։

 

Արցախի մասին հետազօտական կրթաթոշակներու այս ծրագիրը պիտի ունենայ դիմելու երկրորդ փուլ մը՝ Յուլիս 1-էն մինչեւ 31 Օգոստոս 2021։

 

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել ծրագիրին էջը՝

 https://gulbenkian.pt/en/bolsas-lista/short-term-research-grants-for-the-study-of-nagorno-karabakh-ii/