Հայաստանի արտաքին գործոց բոլոր՝ երեք փոխնախարարները` Արտակ Ապիտոնեան, Աւետ Ադոնց եւ Արմէն Ղեւոնդեան ներկայացուցին իրենց հրաժարականները, որոնք անցեալ շաբաթ համապատասխան միջնորդագիրներով ուղարկուեցան վարչապետի աշխատակազմին:
Նշենք, որ 27 Մայիսին հրաժարեցաւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեան, որ 4 օր ետք արտաքին գործոց նախարարութեան անձնակազմին հետ հրաժեշտի հանդիպման ընթացքին, խօսելով հրաժարականի պատճառներուն մասին՝ ըսաւ, թէ իր որոշումը պայմանաւորուած էր այն պատճառով, «որպէսզի երբեւիցէ որեւէ կասկած չլինի, որ այս նախարարութիւնը կարող է ինչ-որ քայլ անել կամ համաձայնութիւն տալ ինչ-որ գաղափարների, նախաձեռնութիւնների, որոնք մեր պետականութեան, մեր ազգային եւ պետական շահի դէմ են եղել»:
Նոյն օրը հրաժարական տուաւ նաեւ արտաքին գործոց փոխնախարարներէն Գագիկ Ղալաչեան: