ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգները կ՛ակնկալէ, որ Ատրպէյճան Հայաստանի սահմանէն անմիջապէս ետ քաշէ բոլոր զօրքերը եւ հրաժարի սադրանքներէ, շաբաթավերջին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժալինա Փորթըր:
«Միացեալ Նահանգները ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ տիրող կացութեան եւ սադրիչ ու անպատասխանատու կը նկատէ «վիճելի շրջաններու մէջ» զօրքերու որեւէ տեղաշարժ», ըսաւ Փորթըր՝ հեռաձայնային մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
Ան շեշտեց, որ սահմանագծման վերաբերող բոլոր հարցերը պէտք է լուծել բացառապէս բանակցութիւններու միջոցով:
Նշենք, որ այս մէկը նախարարութեան՝ հարցին նկատմամբ երկրորդ անդրադարձն է: Նախապէս, նախարարութեան խօսնակ Նետ Փրայս պարզապէս զսպուածութեան կոչ ըրած էր կողմերուն՝ յորդորելով տարալարծութիւնները հարթել միայն դիւանագիտական ճանապարհով:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը անդրադարձած էր Փրայսի գրառումին եւ պետական քարտուղարութեան դիրքորոշումը անխոհեմ համարած էր:
«Նախարարութեան խօսնակ Նետ Փրայս կը կրկնէ Իլհամ Ալիեւի խօսքերը. ան վստահաբար կը փոխանցէ Պաքուի պնդումը՝ «Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին ցարդ չսյատակացած հատուած»ին մասին: Ինչպէս նաեւ՝ նախարարութիւնը կը կրկնէ այն կարծիքը, թէ հայ ռազմագերիները իրականութեան մէջ ոչ թէ ռազմագերիներ, այլ «բանտարկուածներ» են, որոնք դուրս կը մնան միջազգային մարդասիրական պայմանագիրներու պաշտպանութենէն: Նաեւ կրկնուած է նախարարութեան կեղծ հաւասարակշռութիւնը՝ յարձակող Ատրպէյճանը արհեստականօրէն հաւասարեցնելով Հայաստանին եւ Արցախին, որոնք Պաքուի յարձակումներուն թիրախներն են», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Ժոզէփ Պորել յայտարարեց, թէ Պրիւքսէլ ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակին եւ շեշտեց, թէ սահմանային հարցերը պէտք է լուծուին միայն բանակցութիւններու ճամբով։
Իր կարգին, իրավիճակին սրումէն մօտաւորապէս մէկ շաբաթ ետք, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտատարեց, թէ Մոսկուա պատրաստ է աջակցութիւն տրամադրելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ սահմանային վէճերը լուծելու համար, կիրքերը զսպելու կոչ ընելով երկու կողմերուն։ «Միջադէպէն ետք ատրպէյճանական կողմը յայտարարութիւն տարածեց, պարզաբանելով, որ տեղի ունեցածը թիւրիմացութիւն է», աւելցուց ան։
Լաւրով ընդգծեց, որ մինչեւ հիմա որեւէ կրակոց չէ արձակուած եւ բախումներ տեղի չեն ունեցած:
Վերջապէս, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Սայիտ Խաթիպզատէ Հայաստանին ու Ատրպէյճանին զսպուածութեան կոչ յղեց, մինչ խորհրդարանի Ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի նախագահ Մոճթապա Զոլնուրի յայտարարեց, թէ Իրան կը յարգէ տարածաշրջանի երկիրներուն տարածքային ամբողջականութիւնը, անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակին եւ ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի տարածքը ներխուժման դէպքին: