27 Փետրուարին Վատիկանի մէջ նախատեսուած են երկու կարեւոր արարողութիւններ ՝ Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ եւ համամիութենական աղօթք Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ։
Ընթացիկ տարուայ Փետրուարի երկուքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վաւերացուց Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու մատակարարման ժողովին կողմէ որդեգրուած՝ «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վարդապետի» տիտղոսի արժանացող երեք սուրբերու, Լատին Եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին մէջ արձանագրութեան հրամանագիրը։ Սուրբերն են Ավիլայի Սուրբ Յովհաննէսը, Պինկէնի Սրբուհի Իլտեկարտը եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին։ Սոյն որոշումով հաստատուեցաւ որ՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տօնը կը յիշատակուի ամէն տարուայ 27 փետրուարին, Ավիլայի Սուրբ Յովհաննէսը՝ 10 Մայիսին եւ Պինկէնի Սրբուհի Իլտեկարտը 17 սեպտեմբերին։
Վատիկանի մէջ արարողութիւններ
Քահանայապետական վերոնշեալ որոշումէն մեկնելով՝ շաբաթ 27 փետրուար 2021-ին, հովանաւորութեամբ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին ու Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական խորհուրդին, կազմակերպուած են երկու կարեւոր արարողութիւններ, որոնք տեղի պիտի ունենան Վատիկանէն ներս համագործակցութեամբ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութեան։
Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ
Առաջինը առաւօտեան ժամը 10.30-ին Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ, զոր պիտի նախագահէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, որուն հետ պիտի համապատարագեն Քրիստոնեաներու միութեան խթնման Քահանայապետական խորհուրդին քարտուղարը գերապայծառ Պրայան Ֆարրել եւ Արհ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիյանի, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան Քահանայապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի 2015-ին Քահանայապետին կողմէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ տիտղոսի շնորհման դատին «postutaltore» այսինքն հայցորդը։
Համամիութենական աղօթք
Պատարագին պիտի յաջորդէ համամիութենական աղօթք՝ Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ 2018-ին զետեղուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանին մօտ, նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արեւմտեան Եւրոպայի առաքելական պատուիրակ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանին, ներկայութեամբ Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական խորհուրդին նախագահ Կարդինալ Քիւրդ Քոխին։
Դեսպան Նազարեան. Նարեկացին կամուրջ է ընդմէջ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի
Աղօթքի ընթացքին նախատեսուած է նաեւ ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ Լիազօր եւ արտակարգ դեսպան վսեմաշուք Տիար Կարեն Նազարեանի ելոյթը։ Ան այս առթիւ Վատիկան Նիուզին յայտնեց՝ որ «Գրիգոր Նարեկացիի շաբաթօրեայ տօնակատարութիւնը նպատակ ունի շարունակել եղբայրական ճանապարհորդութիւնն ու համապարփակ երկխօսութիւնը սուրբ գանձերու փոխանակման շուրջ `սիրոյ և յարգանքի հոգիով: Փոխադարձ յարգանք և փոխադարձ վստահութիւն: Դեսպանը Նարեկացին բնորոշեց որպէս «անվերջ զոհաբերութեան անվերջ տիեզերք», ոը կը խորհրդանշէ կամուրջը Արևելքի և Արևմուտքի միջև, որ կարող է միաւորել ազգերն ու եկեղեցիները:
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
www.vaticannews.va