Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

 

 

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը, Լիբանանի հայ կրթական հաստատութիւններուն աջակցելու իր ռազմավարութեան համաձայն, երկրի 17 հայկական դպրոցներուն նուիրեց 650 գրասալիկ (tablet) եւ 50 համակարգիչ:

 

Պսակաձեւ ժահրին պատճառած բազմաթիւ տնակալումները առցանց ուսուցումը դարձուցին կրթական գործունէութեան կարեւոր բաղադրիչը ամենուրեք: Այնուամենայնիւ, Լիբանանի մէջ դպրոցական տարիքի հազարաւոր աշակերտներ դժուարութիւն ունին լիարժէք ձեւով հետեւելու առցանց դասերուն՝ համապատասխան սարքաւորումներու բացակայութեան պատճառով: Երկրին մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամին եւ անկայունութեան գումարած 2020-ի օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթիւնը հայ համայնքին զգալի վնասներ եւ նիւթական կորուստներ պատճառեց, որուն հետեւանքով բազմաթիւ ընտանիքներ եւ դպրոցներ աշակերտներուն անհրաժեշտ սարքաւորումներ տրամադրելու միջոցները չունին:

 

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը կը շարունակէ համագործակցիլ Լիբանանի հայկական կրթական հաստատութիւններուն հետ: Համակարգչային սարքաւորումներու տուեալ նուիրատուութիւնը մասնիկն է կրթական հատուածին ուղղուած տարբեր ծրագիրներուն: Հիմնարկութիւնը կ'աջակցի նաեւ արեւմտահայերէնի աշխուժացումը հետապնդող տարբեր նախաձեռնութիւններու: