Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

Ինչպես տեղեկացնում է Հակոբ Ղազանչյանը, Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը, իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Պաֆոսի Քաղաքապետին եւ իր աւագանիին, որոնք ընդառաջելով մեր գաղութի դիմումին, շատ արագ փոփոխութեան ենթարկեցին քաղաքին մէջ գոյութիւն ունեցող Թալաաթ Փաշա/Talaat Pasha/ փողոցի անունը' վերանուանելով Տիկէոսինիս (Արդարութեան)։


Մեր Յանձնախումբը, առաջին անգամ ըլլալով, քննած էր փողոցի փոփոխութեան հարցը, իր 14 Յուլիս, 2020-ի նիստի ընթացքին, ուր նուաստացուցիչ համարած էր, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպած դահիճին անունը պատիւի արժանացած է։


Աւելին, Կիպրոսի Խորհրդարանը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ, Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացող օրինագիծ մը վաւերացուցած էր։ Այս որոշումը, իրավական հարթակ փոխադրած էր թուրք ցեղասպանին մեծարման հանգամանքը։
Այսօր, ուրախ ենք յայտարարելու, թէ մեր բոլորին բաղձանքը իրականացած է։ Մեր շնորհակալութիւնները Պաֆոսի Քաղաքապետ Պրն. Ֆետոն Ֆետոնոսին, որ առանց որեւէ տատամսումի եւ երկմտանքի հաստատեց արդարութիւնը։

Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբ