16 Սեպտեմբեր 2020-ին Թեմիս Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Սերովբէ Եպս․ Իսախանեան, հրաւէրով Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արքեպս․ Պարսամեանի եւ Մաասթրիխթի Սբ․ Կարապետ հայկական եկեղեցու ծխական խորհրդի, ներկայ գտնուեցաւ Քէօլնի «ԼՈՅՍ» նուագախումբի համերգին, որ տեղի ունեցաւ Մաասթրիխթի Սուրբ Սերվատիուս պատմական տաճարին մէջ։
Համերգը, որ նուիրուած էր Խաչվերացի տօնին եւ կը կրէր «Խաղաղութեան համերգ» խորագիրը, կազմակերպուած էր Սբ․ Կարապետ եկեղեցական համայնքի եւ Քէօլնի «Սիլվա Կապուտիկեան» կանանց միութեան կողմէ։ Այս մասին հայտնում է Գերմանահայոց առաջնորդարանը։
Համերգին ի շարս հայ եւ օտար ունկնդիրներու ներկայ էին նաեւ Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արքեպս․ Պարսամեան, Նիտերլանտներու Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Բալայեան, Նիտերլանտական Խորհրդարանի պատգամաւոր Մարթայն ֆան Հելֆերդ, Նիտերլանտական Ռիւրմօնտ նահանգի առաջնորդ Հարրի Սմիթս եպիսկոպոս, պետական ու եկեղեցական այլ ներկայացուցիչներ։
Համերգի ընթացքին «ԼՈՅՍ» նուագախումբը, որ կը ղեկավարէ Արտակ Ոսկանեան, ունկնդիրներուն ներկայացուց հայ եւ օտար երգահաններու ստեղծագործութիւններ։
Համերգի յատուկ հիւրն էր Հայաստանէն հրաւիրուած սոբրան-մեներգչուհի Տաթեւիկ Աշուրեան։
Երեկոն եզրափակուեցաւ հոգեւորականաց խաղաղութեան աղօթքով, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Սերովբէ Սրբազան։
Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերակցէին Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Սերովբէ Օտապաշեան եւ Քէօլնի հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Վահրիճ Բաղդասարեան։
orer.eu