Ազնուաշուք Տիար Արայիկ Յարութիւնեան
Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզանքի Նախարար
Հայաստանի Հանրապետութիւն
Լառնաքա, 25 Օգոստոս, 2020
Յարգելի Տիար,
Հայաստանի Ազգային Գրադարանի դիմատետրի էջին վրայ կարդացի, թէ այսօր Ազգային Գրադարան այցելեցիք, նորընտիր Տնօրէնուհին ներկայացնելու, եւ վերջին տարուայ պաշտօնակատար պարոնին շնորհակալութիւն յայտնելու: Այսու Ձեզի կը ձայնակցիմ ՝ եւ նախ եւ առաջ բոլորին լաւագոյն բարեմաղթութիւններս կը յղեմ, վերջին տասնամեակին մեծապէս երախտապարտ ըլլալով Ազգային Գրադարանին, որ Հանրապետութեան այն եզակի մշակութային հաստատութիւնն է, որով միանշանակօրէն հպարտ կը զգամ իբր Հայ, եւ որուն այս տարիներուն արձանագրած վերելքն ու նուաճումները ինծի անվերապահօրէն մեծ գոհունակութիւն եւ հոգեկան հրճուանք առթած են:
Ըստ կայքէջի յայտարարութեան սակայն՝ մեծ զարմանօք կարդացի, թէ Պրն Սարիբէկեանի աշխատանքին անդրադառնալով՝ Դուք նշած էք, թէ «ժառանգութիւնը, զոր ստացել էր, նախանձելի չէր»:
Արդ, պիտի ուզէի հասկնալ, թէ ճիշդ ինչէ՛ կը բաղկանայ այս ժառանգութիւնը:
ա) Տիգրան Զարգարեանի տնօրէնութեան տարիներուն՝ իր լուսամիտ տեսլականին շնորհիւ բազմահազար հնատիպ եւ այլ սովորաբար անմատչելի հատորներ ճշգրտօրէն նկարագրուեցան եւ բարձրորակ թուայնացմամբ՝ բոլորին ազատօրէն մատչելի եւ ներբեռնելի դարձան: Նոյնիսկ հեռաւոր ծագերը գտնուող հազուագիւտ հատորներ բծախնդրութեամբ նկարուեցան, որպէսզի առցանցօրէն մատչելի ըլլան հայրենի եւ այլ ընթերցողներու համար: Հսկայական պատմական կարեւորութիւն ունեցող մամլոյ էջեր նոյնպէս մատչելի դարձան: Այսպիսով՝ Ազգային Գրադարանը հսկայական ծառայութիւն մը մատոյց, եւ կը շարունակէ մատուցանել, Հայ ժողովրդեան, միջազգային Հայագիտութեան, եւ համայն մարդկութեան: Այսպիսով՝ Ազգային Գրադարանը Կովկասի մէջ եզակի բարձունք մը եւ փարոս մը հանդիսացաւ, լիովին զերծ մնալով ճղճիմութենէ եւ շահամոլութենէ, եւ ընդհակառակը յատկանշուելով սրտաբաց ու առատաձեռն ոգիով, ինչ որ յոյժ պատուաբեր է մեր հայրենեաց համար:
բ) Տիգրան Զարգարեանի անխոնջ ջանուց շնորհիւ՝ Հայաստանի Ազգային Գրադարանը սերտ գործակցական կապեր հաստատեց եւ մշակեց աշխարհի կարեւորագոյն Գրադարաններուն հետ, որոնք պտուղ տուին, ըլլա՛յ միջազգային ցուցահանդէսներու եւ հրատարակութեանց միջոցաւ, ըլլայ Հայաստանը իբր մշակոյթի եւ գիտութեան պատմական ու դարաւոր կեդրոն՝ աշխարհի քարտէսին վրայ ամրօրէն եւ անջնջելիօրէն զետեղելով:
գ) Թամանեանի հին շէնքը բարեյաջող կերպիւ նորոգուեցաւ, եւ զանազան մշակութային ելոյթներու համար շքեղ եւ գործունեայ կեդրոնի մը վերածուեցաւ. իսկ իր ընթերցասրահները լայն ընթերցող հասարակութիւնը դէպի գիրք ու մշակոյթ կը հրապուրեն՝ նամանաւանդ նոր սերունդը:
դ) Գրատպութեան թանգարանը հիմնուեցաւ եւ կառուցուեցաւ, դառնալով սքանչելի հաստատութիւն մը, զոր հաճոյքով եւ հպարտութեամբ կը յանձնարարեմ ծանօթներուս եւ ուսանողներուս, ըլլան Հայ թէ օտար:
ե) Նուիրեալ եւ կարող անհատներէ բաղկացեալ անձնակազմ մը մշակուեցաւ, զարգացաւ եւ ոգեւորուեցաւ: Այդ անձնակազմը հսկայական աշխատանք տարաւ, սիրայօժար ոգիով, եւ ստէպ անձնական զոհողութեանց գնով, ի հեճուկս անբաւարար նիւթական վարձատրութեան, տոգորուած ըլլալով իսկական առաքելութեան զգացումով, դոկտոր Զարգարեանի օրօք՝ տնօրէնի անձնաւորութեան օրինակին եւ տարափոխիկ ներշնչման ու կորովին շնորհիւ: Այս մասին ի վիճակի եմ անձնապէս վկայելու, բարեբախտութիւնը ունենացած ըլլալով 2016-ին Պրահայի «Հայ գրքարուեստը դարերու ընդմէջէն» ցուցահանդէսի ղեկավարմանս ու խնամակալութեանս բերմամբ, Հայոց դեսպանութեան եւ Չեխիոյ Ազգային Գրադարանի աջակցութեամբ, եւ ցուցահանդէսիս ընկերակցող ստուար հատորի հեղինակութեան հանգամանօք (որ ցայսօր կը բաժնուի Հայաստանի Ազգային Գրադարանի պաշտօնական բարձրաստիճան հիւրերուն եւ այցելուներուն): Գրադարանի մասնագէտները մեծ նուիրմամբ եւ յօժարութեամբ՝ անկարելին կարելի դարձուցին, ի խնդիր սոյն Աստուածահաճոյ միջազգային ձեռնարկի առաւելագոյն յաջողութեան, եւ ասիկա կատարեցին՝ նուիրուածութեան եւ ջանասիրութեան այդպիսի՛ աստիճան մը ցուցաբերելով, որուն պիտի դժուարանաք Եւրոպայի այլ երկիրներու մէջ հանդիպելու:
Լուսանկարում՝ Հրաչյա Սարիբեկյանը նվիրում է Պրահայում հրատարակված «Հայ գրքարուեստը դարերու ընդմէջէն» ցուցահանդէսի գիրքը
զ) Տիգրան Զարգարեանի անձին հանդէպ տածուած յարգանքը, աշխարհի բոլոր ծագերուն՝ սկսելով Միացեալ Նահանգներու Խորհրդարանի Գրադարանէն (Library of Congress) մինչեւ Չեխիոյ Ազգային Գրադարանը, Հայաստանի Ազգային Գրադարանի վարկն ու համբաւը առաւել եւս բարձրացուց: Ի սպառ դադրեցան եւ անյայտացան գողութեանց, չարաշահութեանց եւ կաշառակերութեանց մասին նախկին շրջանի ապականեալ մթնոլորտի յատուկ տարաձայնութիւնները (որոնք սակայն յամառութեամբ կը կառչին այլ հաստատութեանց մէջ):
Պիտի խնդրէի Ձեր ազնիւ բացատրութիւնը, թէ վերոյիշեալ վեց կէտերէն որո՞նք ի մտի ունէիք, երբ ոչ-նախանձելի ժառանգութեան մասին կ'ակնարկէիք: Վստահ եմ, թէ առժամեայ պաշտօնակատարը արժանի է մեր բոլորին շնորհակալութեան, սակայն ոեւէ մէկու մը արժանիքը բարձրացնելը պէտք է հնարաւոր ըլլայ զուտ դրական կերպիւ, առանց մեր ժողովրդեան մեծագոյն երախտաւորները անարդարօրէն եւ ապերախտօրէն հարուածելու. եթէ միակ ձեւը ա՛յդ է, ուրեմն այդպիսի դրուատանքը խիստ կասկածելի կը դառնայ:
Լիայոյս եմ, թէ այս հարցը սոսկ սխալ հասկացողութեան կամ անճշգրիտ մէջբերման մը հետեւանքը ըլլայ, եւ այդ պարագային երախտապարտ պիտի ըլլամ եթէ բարեհաճիք պաշտօնապէս հարկաւոր ճշգրտումը կատարել: Բնականաբար, ըստ իմ կարծեաց կարելի չէ դոկտոր Զարգարեանի վարկը նսեմացնել, սակայն փափաքելի եւ անհրաժեշտ է յամենայն դէպս Ձեր նախարարութեա՛ն վարկը պահպանել:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ եւ յաջող գործունէութեան բարեմաղթութիւններով,
Ձերդ՝
Դր. Հայկ Սրկ. Իւթիւճեան
Երաժշտապետ Չեխիոյ Կարոլեան Համալսարանի
Այցելու Հայագիտական գիտապետ Կարոլեան Համալսարանի Փիլիսոփայական Բաժանմունքի