
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը կը յայտարարէ, թէ անցնող 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանին իր վարժարանները յաճախող աշակերտները, յառաջիկայ 2020-2021-ի վերամուտին,իրենց ուսման ընթացքը Միութեան Լիբանանի վարժարաններէն ներս պիտի շարունակեն, զերծ ըլլալով կրթաթոշակի պարտաւորութենէ:
Միութիւնը այս արտակարգ կարգադրութիւնը գործի կը դնէ, նկատի ունենալով Լիբանանի ժողովուրդին դիմագրաւած ծանր տագնապը:
Հ.Բ.Ը.Մ.ը կը հրաւիրէ ծնողներ, բարեկամներ եւ համակիրներ, աջակցելու Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի կրթական ծրագիրներուն: