- Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցի կարծիքով՝ Թուրքիան չի միանար Ատրպէճանին՝ Հայաստանի նկատմամբ լայնածաւալ յարձակողական սանձազերծման հարցին մէջ, քանի որ տարբեր տարածաշրջաններու մէջ հակամարտութիւններու մէջ ներգրաւուած ըլլալու փաստն ընկալելի չ’ըլլար շատ մը պետութիւններու համար:
- Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեան Գերմանիոյ հայերուն կոչ ըրած է չտրուելու ատրպէճանցիներուն հրահրած սադրանքներուն, չմասնակցելու Գերմանիոյ իշխանութեան չարտօնած որեւէ նախաձեռնութեան կամ բողոքի ցոյցի:
- Ատրպէճանցիները Վրաստանի մէջ յարձակած են հայ երիտասարդի մը վրայ։ Սատախլոյի մէջ ատրպէճանցիները ծեծած են անոր եւ անհետացած են դէպքի վայրէն։
- Մառնեուլիի մէջ տեղի ունեցած է հաւաք՝ ի պաշտպանութիւն Ատրպէճանի եւ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան: Շահարկելով այս հարցը՝ ցուցարարները կոչ ուղղած են ազատագրելու Վրաստանի եւ «Ատրպէճանի գրաւեալ տարածքները»: Բողոքի ցոյցի մասնակիցներն օգտագործած են յարձակողական գրութիւններով ցուցանակներ, որոնց վրայ գրուած էր՝ «Ազատութիւն Ղարաբաղին»։
- Հայաստանի երիտասարդական ընկերակցութիւնը (AYF) յուլիս 26-ին Նեւ Եօրքի մէջ բողոքի ցոյց իրականացուցած է ՄԱԿ Ատրպէճանի մշտական ներկայացուցչութեան դիմաց։ Ընկերակցութիւնը կոչ ուղղած է ԱՄՆ եւ միջազգային հանրութեան խստօրէն դատապարտել Ատրպէճանին՝ Հայաստանի մէջ ռազմական եւ քաղաքացիական կառյցներու վրայ յարձակման համար:
- Աւստրալիոյ հայերը մասնակցած են մայրաքաղաք Քանպերայի մէջ Ատրպէճանի դեսպանատան դիմաց կազմակերպուած բողոքի ցոյցին։
- Պոլսոյ Կում Քափու թաղամասէն ներս հայաստանցի երիտասարդ մը յարձակման ենթարկուած է խումբ մը ատրպէճանցիներու կողմէ: 50-ն անց երկու հայաստանցի մարդ եւս յարձակման ենթարկուած են ատրպէճանցիներու կողմէ՝ հայաստանցի կնոջ մը կողմէ շահագործուող խանութի մը մէջ: Այս առթիւ Թուրքիոյ խորհրդարանի «Ազատ ժողովրդավար կուսակցութեան» հայազգի երիցփոխան Կարո Փայլան խնդրին համապատասխան լուծում տալու համար հանդիպում ունեցած է Պոլսոյ նահանգապետ Ալի Երլիքայայի հետ: