Չեխիայում հայտնաբերվել են Հայկական միջնադարյան ձեռագրի էջեր
Typography
- Smaller Small Medium Big Bigger
- Default Helvetica Segoe Georgia Times
- Reading Mode
ՕՐԵՐ ամսագրի խմբագրությունը այսօր ստացավ հետեւյալ նամակը, որում դոկտոր Հայկ Ութիջյանը տեղեկացնում է, որ Չեխիայի Արեւմտյան Բոհեմիայի թանգարանում հայտնաբերել են նոր հայկական ձեռագրեր։ Ստորեւ ներկայացնում ենք այդ մասին տեղեկությունը։
Հայտնաբերել է մագիստրոս Ստանիսլավ Պետրը
,,Շատ հետաքրքրական եւ ուրախալից նորութիւն մը կը յայտարարենք այսու: Թէեւ ցարդ կը կարծուէր թէ ոեւէ պահպանուած Հայկական միջնադարեան ձեռագիր չկայ Չեխիոյ Հանրապետութեան սահմաններէն ներս, վերջին օրերուս Մասարիքեան Միջնադարեան հիմնարկի մասնագէտ՝ Մագիստրոտ Ստանիսլաւ Պետր; Արեւմտեան Բոհեմիոյ թանգարանի զանազան (մեծաւ մասամբ Լատին) ձեռագրաց պատառիկներ ցուցակագրած ատեն մի քանի թերթեր գտաւ թղթածրարի մը մէջ, որոնք իրեն անծանօթ լեզուով մըն էին, եւ իրեն կը թուէր, թէ Ղպտերէնով կամ Եթովպերէնով չէին: Կարոլեան Համալսարանի Փիլիսոփայական Բաժանմունքին դիմեց, ուր իրեն յանձնարարեցին, որ Դր. Հայկ Իւթիւճեանին մօտենայ այս հարցով:
Յիրաւի՝ բացայայտ եղաւ, թէ այդ թերթերը Հայկական միջնադարեան ձեռագիրէ մը կու գան: Հատուածները ծանօթ են իւրաքանչիւր Հայ հաւատացեալի, եւ առանց դժուարութեան՝ ճշգրտօրէն նկարագրուեցան, Զօհրապեան Վարդապետի Վենետկոյ հեղինակաւոր հրատարակութեան հետ համեմատուելով: Իսկ մեզի տրամադրուած նկարներէն դատելով, եւ ըստ մեր խորհրդակցութեանց՝ նոր սերնդեան հմտագոյն մասնագէտներէն Լուսինէ Սարգսեանի հետ, այն եզրակացութեան յանգեցանք, թէ շատ հաւանաբար (թէպէտ առանց Plzeň գտնուած բնօրինակները տեսած ըլլալու՝ այլ հիմնուելով մեզի տրամադրուած ելեկտրոնիկ վերարտադրութեանց վրայ)՝ այդ թերթերը (ա) նոյն (անծանօթ) գրիչի ձեռաց վերագրելի են (զի ցաւօք՝ ոեւէ յիշատակարան չէ պահպանուած), (բ) Վասպուրականի տարածքի մէկ վանուց մէջ ընդօրինակուած ըլլալու են, եւ (գ) ԺԶ դարու աշխատանք ըլլալու են: Ըստ այնմ՝ ցուցակագրութիւնը գոհացուցիչ կերպիւ համալրուեցաւ:
Առաջին պատառը Մատթէոսի աւետարանի նախադրութիւնը կը կրէ, որ համաբարբառէ մը կը բաղկանայ (այսինքն՝ աղիւսակէ մը՝ ուր Մատթէոսի Աւետարանէն զանազան դրուագներու զուգահեռները կը մատնանշուին): Ապա՝ Մատթէոսի Աւետարանի Դ. գլուխէն՝ Յիսուսի սատանայի կողմանէ փորձուելու դրուագը կայ (Մտթ Դ.4-16): Մնացեալ թերթը Ղուկասու Աւետարանէն է, Մարիամ Աստուածածնի աւետման դրուագի սկզբնաւորութիւնը կը պարունակէ (Ա.29-43), եւ սիրուն նկար մը կը կրէ, ուր ձախին՝ Գաբրիէլ հրեշտակապետ Մարիամու հետ կը խօսի: Գեղեցիկ լուսանցքի զարդեր եւ զարդարուն սկզբնատառեր ալ կը գտնուին: Ընդօրինակութիւնը անշուշտ բոլորգիրով կատարուած է, եւ բնագիրը զանազան առոգանութեան նշաններ կը կրէ, որով ենթադրելի է, որ քահանայ հայրեր այս Աւետարանը ի ձեռին՝ Ս. Պատարագի եւ զանազան ծէսերու ընթացքին ներկայ ձեռագիրէն կ'երգէին: Ուրեմն մեզի հասած այս մի քանի համեստ թերթերը օրհնուած են դարերու անուշաբոյր խունկով, եւ ոռոգուած բազմաթիւ ջերմեռանդ սերնդեանց սրտառուչ աղօթքներով...
Արեւմտեան Բոհեմիոյ Թանգարանը այս էջերը 28 Հոկտեմբեր 1909-ին՝ Գերմանիոյ Frankfurt քաղաքի Joseph Baer Հրեայ հնավաճառի հաստատութենէն գնեց, իր թոռան՝ Simon Leopold Baer-ի օրոք: Հաստատութիւնը ցարդ գոյութիւն ունի: Ուշագրաւ է ուրեմն՝ որ այս ձեռագիրը Չեխիա հասած է նախքան Մեծ Եղեռնը: Սակայն ատկէ անդին ոեւէ տեղեկութիւններ չկրցանք քաղել (յատկապէս՝ թէ ուսկից եւ ինչպիսի՛ պարագայից բերմամբ ձեռագիրը հնավաճառի ձեռքը անցած է):
Լիայոյս ենք, որ մօտիկ ապագային ձեռագիրը կրնայ ցուցադրուիլ Արեւմտեան Չեխիոյ Թանգարանը (եւ, ինչո՞ւ չէ, այլուր) եւ այդպէս հանրութեան մատչելի դառնալ: Կ'արժէ որ իւրաքանչիւր Չեխաբնակ Հայորդի հպարտանայ այս փոքրիկ սակայն դիպուկ նմոյշով՝ որուն շնորհիւ հասարակութիւնը կրնայ փոքրիկ ճաշակ մը ստանալ մեր նախնեաց արուեստէն:
Պատշաճ համարեցինք ներկայ ազդը նախ եւ առաջ Չեխիոյ Համաեւրոպական հանդէս՝ «Օրեր»ու արգոյ խմբագրութեան նկատողութեան յանձնելու:
Մեր շնորհակալութիւնները դարձեալ՝ Մագիստորս Ստանիսլաւ Պետրի, ինչպէս նաեւ Մաշտոցեան Մատենադարանի գիտաշխատող եւ Հայաստանի Պետական Համալսարանի դասախօս՝ Լուսինէ Սարգսեանի, իրենց ազնիւ օժանդակութեան համար:
Դր. Հայկ Սրկ. Իւթիւճեան
Պրահա
orer.eu