Կիրակի 19 Ապրիլ 2015-ին, Տանիմարքի մայրաքաղաք՝ Քոփէնհակէնի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ էկումենի աղօթք նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին: Միասնական աղօթքին կը հանդիսապետէին Քոփէնհակէնի Աւետարան Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոս՝ Փիթէր Սթով-Եագոպսընը եւ Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը: Արարողութեան կը մասնկացէին նաեւ Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ՝ Հոգշ. Տ. Տիրան Վրդ. Պետրոսեանը, Տանիմարքի Թագաւորութեան մէջ ՀՀ Դեսպան՝ տիար Հրաչեայ Աղաջանեանը, Բերդի Սբ. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մանկական երգչախումբը, Հայ եւ Տանիմարքացի հոգեւորականներ, եւ վեց հարիւրէ աւելի հաւատացեալներ: