Պելճիքայի Հայոց յանձնախումբի տարեկան առաջին ընթրիքը
Typography
- Smaller Small Medium Big Bigger
- Default Helvetica Segoe Georgia Times
- Reading Mode
Ներկայացում ենք Փարիզի ,,Նոր Յառաջի,, հաղորդագրությունը
Պելճիքայի Հայոց յանձնախումբը,– որ այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը,– Ֆրանսայի CCAF-ի օրինակով՝ կազմակերպեց իր առաջին ընթրիքը, որ այսուհետեւ տարեկան աւանդութիւն պիտի դառնայ։
Չորեքշաբթի, Փետրուար 19-ի երեկոյեան Պրիւսէլի « Cercle Gaulois » հեղինակաւոր հանդիսասրահին մէջ այս անդրանիկ ընթրիքին ներկայ էր շուրջ 250 հոգի, ի շարս որոնց տեղական իշխանութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ Պրիւսէլի քաղաքապետ Ֆիլիփ Գլոզ։ Նախատեսուած էր նաեւ երկրին վարչապետուհիին՝ Սոֆի Վիլմեսի ներկայութիւնը, բայց յարգելի պատճառներով՝ ան չէր կրցած գալ եւ փոխարէնը արձանագրած էր ողջոյնի տեսերիզ մը, որ սփռուեցաւ երեկոյթին սկիզբը։
Նախ խօսք առաւ Պելճիքայի Հայոց յանձնախումբի նախագահ Նիքոլա Դաւիթեան, որու ելոյթին առանցքը կազմեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին դէմ պայքարը, որ կը հանդիսանայ Պելճիքայի Հայութեան զօրաշարժի մղիչ ուժը։ Ան աւելցուց, որ այս պայքարը կը մղուի նաեւ յանուն Պելճիքայի դաւանած արժէքներուն։
Յանձնախումբի նախկին նախագահ Միշէլ Մահմուրեան իր խօսքին մէջ դրուատեց Լուվէնի համալսարանի պատուոյ տեսուչ, փրոֆ. Պերնար Գուլին, որ բացի հայերէնի եւ Հայոց պատմութեան դասաւանդութենէն՝ Հայերը եւ հայկական ինքնութիւնը Պելճիքացիներուն ծանօթացնելու եւ մերձեցնելու համար ջանք չէ խնայած իր ասպարէզի երկար տարիներու ընթացքին։ Երեկոյթը առիթ հանդիսացաւ զայն պատշաճօրէն մեծարելու, ինչպէս նաեւ հայերէնի ուսուցչուհի տիկին Յասմիկ Գույումճեանը, որ յանձնախումբի առաջին անդամներէն եղած է՝ իր մատուցած անշահախնդիր ու անձնուէր բոլոր ծառայութիւններուն համար։
Ներկայ էին նաեւ Նիքոլա եւ Քրիսթինա Ազնաւուր յատկապէս այն պատճառով, որ երեկոյթի ընթացքին ոգեկոչուեցաւ մեծն Շառլի յիշատակը։ Այս պատեհ առիթով՝ Նիքոլա Ազնաւուր մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուաւ իր հօր անունը կրող հիմնադրամի ծրագրերուն մասին։ Պելճիքայի Հայոց խորհուրդը շքանշան մը յանձնեց անոր՝ տարած աշխատանքին համար։
Երեկոյթի երգիծական բաժինը ապահովեց Ռիշար Ռիւպէն։ Ան լայնօրէն յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, զուարթացուց մթնոլորտը ու խնդացուց բոլորը, նաեւ գնահատանքին արժանացաւ բոլորին՝ քանի որ այս առիթով յատկապէս հայկական բնաբանով կարճ կատակերգութիւններ պատրաստած էր։
Ապա, Նիքոլա Դաւիթեան ներկայացուց յանձնախումբին անդամները՝ Լիզա Ապաճեանը, Եանիք Քալանթարեանը եւ Փեթեր Պետրոսեանը ու աւելցուց, որ Պելճիքայի իշխանութիւնները յանձնառու եղած են ամէնէն բարձր մակարդակով ներկայ ըլլալու գալ տարուան նոյն ժամադրութեան։
Երեկոյթը իր աւարտին հասաւ Պախի եւ Կոմիտասի գողտրիկ մեղեդիներու՝ Խաչատուր Ալմազեանի (ջութակ) եւ Վարդան Յովհաննիսեանի (դուդուկ) մեկնաբանութեամբ։
Հայերը Պելճիքայի մէջ սկսած են հաստատուիլ 15-րդ դարէն սկսեալ։ Անոնք Պրիւժ, ինչպէս նաեւ՝ Պրիւսէլ եւ Անվերս քաղաքներուն մէջ կը զբաղէին առեւտուրով։ 19-րդ դարէն Հայոց թիւը հոն սկսած է աւելնալ՝ նոր գաղթող արհեստաւորներու եւ ուսանողութեան շնորհիւ։ Յիշեցնենք, որ Դանիէլ Վարուժան աւարտած է Կանտի համալսարանը. անոր անունը կը յիշատակուի այդ համալսարանը աւարտած նշանաւոր մարդոց ցանկին մէջ։
1920-էն սկսած են Պելճիքա հաստատուիլ թրքական ջարդերէն փախած հայ գաղթականներ։ Սկիզբի շրջանին պելճիքական կառավարութիւնը փորձած է վտարել Հայերը, սակայն անոնք որոնք վճռած են մնալ՝ յաջողած են ու դարձած օրինակելի, երբեմն նոյնիսկ նախանձելի քաղաքացիներ։ Կը զբաղին առեւտուրով, կան իրաւաբաններ, բժիշկներ, ճարտարագէտներ, նաեւ արհեստաւորներ։
Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովւութիւնը, որու կեդրոնը Պրիւսէլի Ս. Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցին է, կազմաւորուած է 1990 թուականին։ Պելճիքահայ համայնքին մէջ տարբեր տարիներու ստեղծուած են բարեսիրական, երիտասարդական միութիւններ, իսկ ազգային եւ մշակութային աւանդութիւնները պահպանելու համար՝ ակումբներ, երգչախումբեր, պարախումբեր, թատերախումբեր։
1998-ին Պելճիքայի խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Պրիւսէլի Հանրի Միշօ հրապարակին վրայ բարձրացուած է Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքար (1997)։
Այսօր, Պելճիքայի Հայերը գլխաւորաբար կը բնակին Պրիւսէլի եւ Անվերսի մէջ։ Ներկայիս Պելճիքայի հայ համայնքը կը հաշուէ շուրջ 11.000 անդամ։ ■