Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

Երեքշաբթի 12 Նոյեմբեր 2019ի երեկոյեան ժամը 9-էն սկսեալ, մակընթացութեան նախատեսուած բարձրագոյն մակարդակը 40 սմ գերազանցելով, հարաւային ուժգին քամիի պատճառով Վենետիկի լճակի մակարդակը հասաւ 180 սմ։Այսպիսի իրավիճակ տեղի չէր ունեցած 1966էն ի վեր։

Վենետիկի Ճուտեքքա շրջանի հարաւային քարափները ուժգին ալիքներու հարուածի տակ քանդուած են, նաւեր խորտակուած են, եւ աւանդական կոնտոլաները Ս. Մարկոսի հրապարակ հասած, ու քաղաքն ամբողջ ջուրով ողողուած։
Ս. Ղազար կղզին ալ զերծ չմնաց բնութեան այս աղէտէն։ Գետնայայրկի բոլոր սենեակները ողողուեցան լճակի տղմուտ ջուրով, քառանկիւնի խոտածածկը ջուրի տակ սուզուեցաւ։

Սեղանատունը եւս խուժեցին ջուրերու յորձանքները եւ դժբախտաբար եկեղեցին անգամ լեցուեցաւ կէս մեթր ջուրով որ հասաւ դաս եւ աւանդատուն, վնասելով որոշ եկեղեցական զգեստներ եւ ձռագործ զարդարանքներ եւ գորքեր։Միայն վաղ առաւօտեան անդրադարձանք որ ամեհի ալիքներու հարուածներուն տակ, ամբողջ հարաւակողմը եզերող պարսպապատը քանդուած էր։ Այս տխուր համայնապատկերը հասաւ իր գագաթնակէտին վանքի ծովախորշին կայանած Արմենիա առագաստանաւի պատճառած վնասները տեսնելով. Առագաստանաւը ալիքներէն քշուած, ցռուկով քանդած էր պարիսպէն հատուած մը մինչեւ լայնքով բարձրանալու քարափին, փլցնելով ետեւի պարիսպը։

Մեր բոլոր հայրենակիցներուն եւ բարեկամներուն կ՚ուզենք ապահովցնել որ վանքի մատենադարանը, պատկերասրահը, ձեռագրատունը եւ դիւանը անվնաս մնացին Ամենասուրբ Կուսին մայրախնամ հովանիին ներքոյ։


Հ. Համազասպ վրդ. Քէշիշեան

Մխիթարեան Միաբանութիւնը գոհունակութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր Հայազգի զաւակներուն եւ մտերիմ բարեկամներուն որ անմիջապէս արձագանգեցին ի լուր Ս. Ղազարի աղէտահար վիճակին, զօրակցութիւն յայտնելով եւ աջակցութեան պատրաստակամութիւն ցուցաբերելով։


Կը փափաքինք տեղեկացնել որ տեղւոյն ոյժերով արդէն կրցանք կազմակերպել ներքնայարկի ջրասոյզ տարածքներու մաքրութիւնը եւ դասաւորումը։
Օժանդակելու համար Մայրավանքիս աղէտի հետեւանքները դարմանելու, բարեսիրտ հայրենակիցները կրնան իրենց նուիրատուութիւնները կատարել հետեւեալ հաշուէհամարին.

CONGREGAZIONE ARMENA MECHITARISTA
IBAN: IT79 H030 6909 6061 0000 0007 086
BIC: BCITITMM