Վալանսի հայ մշակոյթի տան հանդիսաւոր բացումէն ետք՝ 28 Հոկտեմբերին, մեկնարկեց Մանուկներու մշակութային միշաբաթեայ սեմինարը։ Շուրջ 20 մանուկներ 5-էն 11 տարեկան հաւաքուած էին Ռոզին Սարեանի, ժուլիա Գիզիրեանի, Անահիտ Մկրտչեանի, Սոնա Ճաննազեանի եւ Լիզա Սարեանի շուրջ։
Մէկ շաբթուայ ընթացքին, ժամը 14։ՕՕ-էն 17։ՕՕ, Մանուկները հետեւեցան կրթական օգտաշատ եւ միեւնոյն ատեն զուարճալի ծրագիրի մը։ Անոնք երգեցին, պարեցին, խաղցան հիմք ունենալով սորվիլ հայերէն, խօսիլ հայերէն։
Մշակութային Սեմինարը փակուեցաւ Ուրբաթ՝ Նոյեմբեր 1-ին երբ փոքրիկները հանդէս եկան իրենց սորուած երգով, պարով ու ձեռային աշխատանքներով։
Ծնողներուն հետ զրուցելէ ետք ՀՄՏ նախագահ՝ Նազօ Ալան Ճինպաշեան, շնորհակալական խօսք յայտնեց ծնողներուն իրենց վստահութեան համար, ապա ծափողջոյններով բեմ հրաուիրեց սեմինարի դաստիրակները, որոնք սիրահոժար իրենց ժամանակը տրամադրեցին սոյն ձեռնարկին նպատակը իրագործելու համար։ Ապա, Ռոզին Սարեան՝ սեմինարի ղեկավարը, մանրամասնօրէն ներկայացուց մէկ շաբթուայ ծրագիրը։ Աւարտին տեսասալիկի վրայ ցուցադրուեցան սեմինարի նկարները։
Փոքրիկները դարձեալ պիտի հաւաքուին Յունուարի սկիզբը Նոր Տարուայ թեմայի շուրջ միօրեայ սեմինար կայացնելու համար։ Իսկ միշաբաթեայ սեմինարը կը կրկնուի Փետրուարի արձակուրթին։ Թուականները կը յայտարարուին աւելի ուշ։
orer.eu