ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ՝ կեանքի կոչուեցաւ սփիւռքահայերու խորհրդատուութեան գրասենեակը:
Գրասենեակին գործառոյթն է՝ խորհրդատուական օգնութիւն տրամադրել հայրենիքի մէջ հաստատուած հայրենակիցներուն, ճիշդ ձեւով ուղղորդել զանոնք՝ զանազան հարցերու լուծման համար։
Գրասենեակը խորհրդատուութիւն կը տրամադրէ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու, կեցութեան, վարորդական իրաւունք ստանալու, գրանցման, հայկական բանակին մէջ ծառայելու, նաեւ կրթական, առողջապահական, ապահովագրութեան, աշխատանքային, շարժական եւ անշարժ գոյքի արձանագրութեան գծով, նաեւ այլ հարցերու մէջ։
Հարցերու լուծման համար, գրասենեակը նաեւ պատրաստ է դիմելու պատկան մարմիններուն եւ կառոյցներուն՝ պաշտօնատար անձերու:
Սփիւռքահայերու խորհրդատուութեան գրասենեակին հասցէն է՝ Հանրապետութեան 30, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոն, առաջին յարկ, 16րդ սենեակ: Կայք՝
www.hayrenatarts.am, «Ֆէյսպուք»ի էջ՝ Հայրենադարձ/ Repat, հեռաձայնի թիւ՝ 094-94-519-119, ե-նամակի հասցէ՝
Այս էլ-փոստի հասցեն ծածկագրված է թափոնափոստի բոթերից։ Այն տեսնելու համար անհրաժեշտ է միացնել JavaScript։։
Գրասենեակը բաց է ամէն օր՝ Երեւանի ժամանակացոյցով 11:00-15:00, բացի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերէն:
orer.eu