Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times
 
« Corporación América» օդակայաններու ղեկավարութեան Յունիս 4-ին Երեւանի մէջ գումարուած վեհաժողովին՝ ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարթին Էռնէկեան յայտնած է, որ աշխատանքներ պիտի տանին «Զուարթնոց» օդակայանի հին շէնքը պահպանելու ուղղութեամբ:
 
Ան նշած է, որ ընկերութիւնը պատրաստ է սկսելու նաեւ Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանի վերանորոգման աշխատանքները:
 
“Արդէն սկսանք գործակցելու ճարտարապետներու հետ եւ գրեթէ պատրաստ ենք ձեռնարկելու վերանորոգման աշխատանքներուն”, ըսած է ան: Մարթին Էռնէկեան նաեւ ուրախութիւն յայտնած է նոր կառավարութեան հետ ամուր գործակցութեան համար:
“Պիտի վերանայինք Հայաստանի մեր նոր նախագիծերը եւ նոր ծրագրեր պիտի մշակենք։ Նոր կառավարութեան հետ պիտի աշխատինք, որպէսզի նոր ներդրումներու համար առաջնահերթութիւնները ճշդենք”, աւելցուցած է ան:
Արժանթինեան «Corporación América» ընկերութիւնը Եւրոպայի եւ Լատինական Ամերիկայի աւելի քան 50 օդակայանի եւ բեռնային համալիրի արտօնատէրն է։
Այս մասին հայտնում է Փարիզի Նոր Յառաջը։ 
 
ՕՐԵՐ