Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

Ուրբաթ, 24 Մայիս, 2019, ժամը 18-ին, Քէօլնի «Սբ. Սահակ-Սբ. Մեսրոպ» առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ Միջ-Եկեղեցական յատուկ արարողութեամբ եւ պաշտօնական ընդունելութեամբ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպս. Իսախանեանի պաշտօնակալութիւնը: Թեմակալ Առաջնորդը 12 Մայիս 2019-ին, Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի մէջ, արժանացած էր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման՝ ձեռամբ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի:

Պաշտօնակալութեան արարողութեան ներկայ էին քաղաքական եւ եկեղեցական բազմաթիւ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, ի շարս որոց Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, որ նախագահեց արարողութեան եւ կարդաց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Թեմիս Առաջնորդին ուղղուած օրհնութեան գիրը:

Յանուն Հիւսիս-Հռենոսեան Երկրամասային իշխանութեան ներկայ էր եւ ողջոյնի խօսք արտասանեց Եւրոպայի եւ Միջազգային յարաբերութիւններու նախարար Դոկտոր Շթեֆան Հօլթհօֆ-Փֆէօրթնէր: Քէօլն քաղաքը, ուր կը գտնուի Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդարանը, կը ներկայացնէր եւ ողջոյնի խօսք արտասանեց գլխաւոր քաղաքապետուհի Տիկին Հենրիէթէ Ռեքէր: Յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ էր եւ ողջոյնի խօսք արտասանեց Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան պարոն Աշոտ Սմբատեան՝ տիկնոջ հետ:

Քոյր եկեղեցիներէն ներկայ էին բազմաթիւ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, ինչպէս օրինակ՝ Ռումէն-Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Սերաֆիմ Միտրթպոլիտը, Անտիոքի-Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Իսահակ Բարաքաթ Միտրոպոլիտը, ԱսորիՈւղղափառ Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Առաջնորդ Մատթիաս Նայիս Արքեպիսկոպոսը, Ղպտի-Ուղղափառ Եկեղեցու Գերմանիոյ Առաջնորդ Անպա Տամիան եպիսկոպոսը, Գերման-Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Խորհրդի ներկայացուցիչ Ռօլֆ Շթայնհօյզէր եպիսկոպոսը, Գերման-Աւետարանական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Վերապատուելի Պարպարա Ռուտօլֆը, Գերմանիոյ Միջ-Եկեղեցական Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Կոնստանդին Միւռոն աւագ քահանան: Անոնցմէ ոմանք եւս Սերովբէ Սրբազանին յղեցին իրենց ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքերը: Միջ-Եկեղեցական արարողութեան եւ ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի ողջ հոգեւոր դասը, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու բազմաթիւ այլ ներկայացուցիչներ: Ներկայ էին նաեւ թեմական պատգամաւորներ, ԹԽ-ի ողջ կազմը եւ Գերմանահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ համայնքներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

Դիւան Առաջնորդարանի