Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցաւ արհեստագիտութիւններու եւ նորարարութիւններու VivaTech միջազգային ցուցահանդէսին
Typography
- Smaller Small Medium Big Bigger
- Default Helvetica Segoe Georgia Times
- Reading Mode
Փարիզի Փորթ տը Վերսայլի Parc des expositions-ին մէջ Մայիս 16-էն 18 տեղի ունեցաւ արհեստագիտութիւններու եւ նորարարութիւններու VivaTech 2019 միջազգային ցուցահանդէսը։
Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով հոն ներկայ էր նաեւ Հայաստանի տաղաւարը, որու պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Մայիս 16-ին։ Ժապաւէնը կտրեցին Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։ Աւելի վերջ տաղաւարին միացաւ նաեւ ՀՀ Փոխադրամիջոցներու, հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարար Յակոբ Արշակեան։ Հայկական տաղաւարը անուանուած էր «Inspiring Armenia» («Ներշնչող Հայաստան»)։ ՀՀ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութեան եւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հովանաւորութիւնը վայելած այս նախաձեռնութեան իրագործումը կարելի դարձաւ Ֆրանսայի ՀԲԸՄ-ի, HyeTech Europe-ի, Ֆրանսահայ միջարհեստավարժական համախմբման (G2IA) եւ անոնց գործընկերներուն միասնաբար տարած ջանքերուն շնորհիւ։
Հոն ներկայացուեցան զանազան մարզերու մէջ մասնագիտացած հայկական (Հայաստանէն, բայց նաեւ Եւրոպայէն եւ ԱՄՆ-էն) խոստմնալից բազմաթիւ start-up-ներ։
Այս երեք օրերու ընթացքին՝ հայկական տաղաւարին մէջ տեղի ունեցան նաեւ հանդիպումներ հանրածանօթ անձնաւորութիւններու հետ, ինչպէս՝ ճատրակի ախոյեան Կարի Գասպարովի, համացանցի«հայր»-երէն համարուող Լուի Փուզէնի, ԹՈՒՄՕ-ի նախագահուհի Մարի-Լու Փափազեանի, ծանօթ երաժիշտ եւ Muzeek start-up-ի հիմնադիր Անտրէ Մանուկեանի հետ եւ այլն։
《Ինձ համար նորություն չէր, որ հայերը տաղանդավոր են, բայց այսպիսի առաջընթացը տեխնոլոգիական ոլորտում խիստ տպավորիչ է»,- ասել է
աշխարհի շախմատի չեմպիոն Գարի Կասպարովը՝ այցելելով հայկական տաղավար։
աշխարհի շախմատի չեմպիոն Գարի Կասպարովը՝ այցելելով հայկական տաղավար։
2019-ին, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտը Հայաստանի մէջ կը ներկայացնէ 17.700 աշխատանք եւ կը կազմէ Հայաստանի ՀՆԱ-ին (PIB) 5,2%-ը, 2017-ի բաղդատած՝ արձանագրած ըլլալով 28% յաւելում։
Յակոբ Արշակեանի հանդիպումը «Աթոս» ընկերութեան փոխնախագահին հետ
VivaTech ցուցահանդէսի շրջանակին մէջ նախարար Յակոբ Արշակեան հանդիպում ունեցաւ «Աթոս» (Atos) համակարգչային ծրագրերու ընկերութեան առեւտրական հարցերու տնօրէն, ընկերութեան փոխնախագահ Ռոպեր Վասոյեանի հետ։
Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան:
Յակոբ Արշակեան «Աթոս»-ի փոխնախագահին ներկայացուց արհեստագիտական ոլորտին մէջ ՀՀ կառավարութեան որդեգրած պետական քաղաքականութիւնը, այդ ուղղութեամբ առնուող քայլերը։ Նախարարը տեղեկացուց նոր ձեւաւորուող՝ Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութեան ձեւաւորման մասին, մանրամասնելով այդ ուղղութեամբ կատարուող կառուցային եւ ծրագրային փոփոխութիւնները:
Ռոպեր Վասոյեան կարեւոր համարելով ՀՀ իշխանութիւններու այդ ջանքերը՝ անդրադարձաւ Հայաստանի ունեցած ներուժին եւ ըսաւ, որ հայկական ընկերութիւնները իրենց տաղանդաւոր մասնագէտներով կրնան համեմատուիլ աշխարհի որեւէ երկրի հեղինակաւոր այն ընկերութիւններուն հետ, որոնք կը գործեն Չինաստանի, Հնդկաստանի, ԱՄՆ-ու, Սիլիքոնեան հովիտի մէջ։
«Աթոս» ընկերութեան փոխնախագահը նաեւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց համագործակցելու, իր ներդրումն ունենալու Հայաստանի արհեստագիտական ոլորտի զարգացման գործին մէջ, աջակցելու ՀՀ կառավարութեան նախաձեռնած բոլոր նախագիծերուն։ Ան ընդգծեց, որ միացեալ ուժերով՝ հայկական արհեստագիտական ներուժը կրնայ դառնալ ամբողջ աշխարհի առաջատարը։
Շնորհակալութիւն յայտնելով աջակցութեան եւ համագործակցութեան առաջարկին համար՝ Յակոբ Արշակեան Ռոպեր Վասոյեանը հրաւիրեց մասնակցելու Հոկտեմբեր 6-էն 9 Հայաստան տեղի ունենալիք Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովին (WCIT-2019)։
Նոր Յառաջ