Մեծերու յոբելեանները հրաշալի առիթ են ո՛չ միայն յիշելու ու յարգանքի տուրք մատուցանելու, այլեւ վերաիմաստաւորելու անոնց գործն ու վաստակը, նորովի վերծանելու անոնց հայրենաշէն գաղափարներն ու պատգամները: 2019 թուականը կը զուգադիպի հայ ազգի երկու հանճարներու՝ Կոմիտաս վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակներուն, որոնք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն ներառեր է հռչակաւոր մարդկանց 2018-2019 թուականներու օրացոյցին մէջ։
Այս առթիւ, 7 Մայիս 2019-ին, Վալանսի Հայ Մշակոյթի Տան Գրադարանը, տիկին Սուզան Փեհլիվանեանի նախաձեռնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ, կազմակերպեց գրական երեկոյ մը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր համայքին վերջին տասնամեակներու պատմութեան մէջ։ Հայ Մշակոյթի Տան ատենապետ Նազօ Ալան Ճինպաշեանի բարի գալուստի խօսքերով եւ Տէր Անդրանիկ քհնյ. Մալճեանի օրհնութեամբ սկիզբ առաւ երեկոն։ Վալանսի Հայ Մշակոյթի Տան Վարչութեան անդամ եւ գրադարանի ընդհանուր պատասխանատու տիկին Սուզան Փեհլիվանեան իր բացման խօսքով մարմնաւորեց ու շնչաւորեց Թումանեանի եւ Կոմիտասի ծնունդները՝ հնչեցնելով Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ Աւետիսի»ն։ Ապա տիկին Մարալ Հարպոյեան ներկայացուց կենսագրականը՝ անզուգական եւ անկրկնելի Կոմիտաս վարդապետին, մէջբերելով վարդապետին մասին մեր մեծերուն կատարած վաւերական վկայութիւնները։
Հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակներէն ամէնէն հոգեհարազատ եւ հայու հոգին երգով ու երաժշտութեամբ վերծանած, վերաթարմացուցած ու իւրովի շնչաւորած, այլեւ` աշխարհով մէկ հնչեցուցած ու տարածած Կոմիտաս վարդապետը ներկայացուց տիկին Սիւզի Էքմանեան-Սարգիսեանը, այնուհետեւ ներկաները մեծ ոգեւորութեամբ ունկնդրեցին Կոմիտասի «Երկիր Դրախտավայր»ը, կատարողութեամբ Վալանսի հոգեւոր հովիւ Տէր Անդրանիկ քահանային։
Բանաստեղծ, արձակագիր, գրական, ազգային եւ հասարակական գործիչ Յովհաննէս Թումանեանի կենսագրութիւնը գեղեցիկ ձեւով ներկայացուց տիկին Սուզան Փեհլիվանեանը։ Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Թումանեանի «Հայրենիքիս Հետ», «Խրճիթում» եւ «Հայոց Վիշտը» բանաստեղծութիւններու գեղեցիկ մեկնաբանութիւններով՝ Գոհար Սեմէրճեանի, Արփի Չոլաքեանի եւ Արենի Չոլաքեանի կողմէ։
Այնուհետեւ Սիւզի Էքմանեանի կատարած Թումանեանի «Մարօն» պոէմի հակիրճ բացատրութենէն ետք, տիկին Արմինէ Ռաստքելէնեան արտասանեց վերոյիշեալ պոէմը, ներկայացնելով հայկական գիւղական կեանքի եւ աւանդութեան անյաղթահարելի դժուարութիւնները։ Ներկաները մեծ ոգեւորութեամբ ունկնդրեցին ժողովրդական արուեստի որպէս կատարեալ նմոյշներ համարուող եւ համաշխարհային ճանաչում վայելող Կոմիտասի «Կռունկ» եւ «Ծիրանի Ծառ» ստեղծագործութիւնները, կատարողութեամբ ջութակահար տիկին Գայիանէ Կոնինեանի եւ դաշնակահար տիկին Լիլիթ Յովհաննիեանի։
Սիւզի Էքմանեան, ծանօթացնելով հայ բանաստեղծ, արձակագիր, գրական, ազգային եւ հասարակական գործիչ Յովհաննէս Թումանեանը, ներկաները անգամ մը եւս փոխադրեց Թումանեանի ծննդավայր Լոռի գաւառի Դսեղ գիւղը, այն դիւցազնական աշխարհը, լի հեքիաթներով եւ առասպելներով։ Իսկ տիկին Գայիանէ Տէր Սարգիսեան ներկաներուն հրամցուց Թումանեանի «Անդարձ Ճամբորդներ» բանաստեղծութիւնը։
Տիկին Սուզան Փեհլիվանեանի կատարած հակիրճ բացատրութեամբ եւ տիկին Հայկուշ Ռաստքելէնեանի եւ տիկին Յասմիկ Զաքարեան-Կոմէզի անզուգական մեկնաբանութեամբ, ներկաները ունկնդրեցին Կոմիտասի ժառանգութիւններէն «Ես սարէն կու գամ» եւ «Գարուն ա, ձիւն ա արել» երգերը։ Կոմիտասեան այս մեներգները հայ երաժշտութեան բարձրարժէք նմոյշներէն են, որոնք առ այսօր կը շարունակեն զարմացնել ու հիացնել մեզ եւ համայն աշխարհը։
Տիկին Բէկի Էքմանեան-Պայրամեան Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ Եղեռնական»էն մէջբերումներ կատարելով ներկայացուց Մեծ եղեռնի ականատես Կոմիտասը՝ Ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած «զոհը»։ Այնուհետեւ դաշնակահարուհի Լիլիթ Յովհաննիսեան անգամ մը եւս հրաւիրուեցաւ նուագելու Կոմիտասի «Շուշիկի»ն։
Ըլլալով հիանալի խմբավար՝ Կոմիտասը ստեղծած է բազմաթիւ խմբերգներ։ Արուեստագիտուհի Յասմիկ Զաքարեան-Կոմէզի խմբավարութեամբ, երգչախումբը ներկայացուց Կոմիտասի խմբերգային երաժշտութեան հիանալի օրինակներէն «Սոնա Եար» եւ «Իմ Չինարի Եարը» ստեղծագորութիւնները, որոնք աչքի կ'իյնան իրենց հարուստ հնչողութեամբ։
Սիւզի Էքմանեանի կողմէ ներկայացուցած Թումանեանի կեանքէն առնուած դրուագներուն ընդմէջէն հանդիսատեսը աւելի մօտէն ճանչցաւ բարեսիրտ, կենսուրախ, ժպտադէմ, հիւրասէր, վեհանձն եւ իսկական բանաստեղծի խառնուածքով օժտուած Թումանեանը։ Ապա տիկին Մարալ Ստեփանեան մեծ ոգեւորութեամբ ներկայացուց Թումանեանի «Հայոց Լեռներում» բանաստեղծութիւնը։
Ողջունելով հայ երգի վարպետ, հանճարեղ երաժիշտ եւ երգահան Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը, Բէկի Էքմանեան ներկաներուն ծանօթացուց Կոմիտասը, այդ խոհուն, լուրջ, խիստ եւ պահանջկոտ կղերական-մանկավարժը, որ նաեւ զուարճախօս, կատակաբան, սրախօս եւ վառվռուն անձ մըն էր։ Կոմիտասի երգերը, որպէս հայ դասական ձայնային արուեստի մեծարժէք նմոյշներ, պատուաւոր տեղ կը գրաւեն համաշխարհային երաժշտութեան մշակոյթի լաւագոյն նմոյշներուն կողքին։ Անոնցմէ յիշենք «Շողեր ջան»ը, որ Մարիանա Զաքարեանի գեղեցիկ մենակատարումով գրաւեց բոլորին ուշադրութիւնը։
Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին բեմ բարձրացաւ Յասմիկ Զաքարեան-Կոմէզը, մեներգելու Կոմիտաս վարդապետի գոհարներէն «Ալագյոզ Աչերդ» եւ «Էրւում Եմ» երգերը, որոնք կը ներթափանցեն մարդու հոգիի խորքերը։
Այնուհետեւ, ձեռնարկին կազմակերպիչ տիկին Սուզան Փեհլիվանեան, Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը անգամ մը եւս ողջունելով, անդրադարձաւ հայ մեծագոյն բանաստեղծին հայ ազգին ուղղած պատգամին, յիշելով որ «Կեանքը վաղանցուկ է, ուրեմն ինչո՛ւ վատ գործ կատարել եւ սերունդներու անէծքին արժանանալ, պէտք է յիշուիլ լաւ գործով, լաւն է մարդկայինը ու մարդը դէպի անմահութիւն տանողը»։ Ապա Թումանեանական հետեւեալ խօսքերով վերջ գտաւ գրական այս առանձնայատուկ երեկոն.
«Գործն է անմահ, լա՛ւ իմացէք,
Որ խօսւում է դարէ դար...
Երնէ՜կ նրան, ով լաւ գործով
Կ’ապրի անվերջ, անդադար...»։
Բէկի Էքմանեան-Պայրամեան