Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Իտալիոյ խորհրդարանը 10 Ապրիլին, քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ խորհրդարանին՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ յաւելեալ զօրակցութիւն տրամադրելու Թուրքիոյ հայ փոքրամասնութեան։

Բանաձեւը նաեւ կը յանձնարարէ Անգարայի իշխանութեանց, որ անյապաղ երկխօսութեան սկսին Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ, յատկապէս դիւանագաիտական եւ տնտեսական կապեր հաստատելու նպատակով, նոյն ժամանակ Հայաստանի վրայ պարտադրուած շրջափակումին վերջ տալու կոչ ընելով։

Իտալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ալեքքօ Պէզիքեան դրուատեց Իտալիոյ խորհրդարանի այս քայլը, յիշեցնելով, որ բանաձեւը կարելի եղած է վաւերացնել հակառակ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ բանեցուցած ճնշումներուն։ «Այս քայլը ցոյց կու տայ, թէ Իտալիա որքանով նուիրուած է արդարութեան հաստատման եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան», աւելցուց ան։

Բանաձեւը ներկայացուեցաւ երեսփոխան Ճիանքարլօ Փակլիարինիի կողմէ եւ անոր զօրակցեցան համախոհական կառավարութեան անդամ ու ընդդիմադիր կուսակցութիւններէ պատգամաւորներ: Աւելի խիստ բանաձեւ մը պահանջող Համայնավար կուսակցութիւնը, չզօրակցեցաւ վաւերացուած բանաձեւին։

Ըստ «Ուիքիփիտիա»ի՝ Փակլիարինի ամուսնացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու զաւակին հետ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան եւս ողջունեց որոշումը՝ յիշեցնելով, որ անիկա արդիւնքն էր երեք տարի առաջ սկսած արշաւի մը, Իտալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ իտալահայ կազմակերպութեան ու անհատներու գործակցութեամբ։ Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Պաղտասարեան եւս յաճախ խորհրդակցած է նշեալներուն հետ։

Աղբյուր՝ http://asbarez.com/arm/342490/