Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

 

Երկար սպասումէ ետք, 1 Ապրիլ, 2019-ին Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան օժտուեցաւ իր առանձին յղումով՝ hyw.wikipedia.org (url): Այս կարգանիշին միջոցաւ կարելի է այցելել Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առցանց հարթակը:

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առանձին հարթակ դառնալու նպատակին նպաստեցին Ուիքիմետիա Հայաստան կազմակերպութիւնը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, որոնք անցնող տարիներուն ընթացքին ստեղծեցին Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ու հովանաւորեցին անոր նախագիծերը:

2014 թուականէն ի վեր Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի շուրջ համախմբուած են հարիւր յիսունէ աւելի կամաւոր խմբագիրներ, որոնք պարբերաբար մասնակցած են վերապատրաստման դասընթացքներու: Այսօր արդէն իսկ ունինք 7500է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածներ, որոնք տեղակայուած են Արեւելահայերէն Ուիքիփետիայի բաժանմունքին մէջ եւ շուտով պիտի տեղափոխուին Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի հարթակը: Մեր մարտահրաւէրը պիտի ըլլայ այս թիւը օրէ օր աւելցնել եւ որակը բարձրացնել:

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա ազատ հանրագիտարանին նպատակը եղած է ու կը մնայ հայթայթել բազմապիսի եւ բազմաբովանդակ՝ հայկական եւ համաշխարհային, յօդուածներ՝ այսպիսով կարեւոր ներդրում ունենալով արեւմտահայերէնի առցանց զարգացման ուղղութեամբ:

«Կը շնորհաւորենք Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի Ուիքի համայնքը եւ արեւմտահայերէն խօսող մեր հայրենակիցները», ըսաւ Ուիքիմետիա Հայաստանի նախագահ Սուսաննա Մկրտչեան: «Այս իսկապէս կարեւոր քայլ մըն է՝ արեւմտահայերէնը ներմուծելու ժամանակակից ծրագիրներու մէջ եւ անոր տալու նոր շունչ ու նոր եռանդ»:

«Այս ուրախ առիթով, մեծապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի բոլոր կամաւորներուն ու խմբագիրներուն: Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ու կը շարունակեն սատարել սոյն աշխատանքին իրականացման», յայտնեց Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա նախագիծին համակարգող Ազնիւ Ստեփանեան: «Թերթատելով Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի էջերը, պարզ կը դառնայ, որ այս հարթակը իր կարեւոր դերը կրնայ խաղալ լեզուին գործածութեան խթանումին, ինչպէս նաեւ՝ մասնագիտական եւ այժմէական նիւթերով ու դարձուածքներով անոր զարգացման մէջ»:

Նշենք, որ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի կարգանիշը ընդունուեցաւ 30 Յունուար, 2018ին SIL International-ի կողմէ, որ ISO 639-3ը արձանագրող մարմինն է: Նոր կարգանիշ ունենալու միտքը սկիզբ առած էր Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առանձին բաժին մը ստեղծելու հեռանկարով, սակայն պիտի կարենայ ծառայել նաեւ համացանցի վրայ արեւմտահայերէնով տարբեր ծրագիրներ (ինչպէս՝ սրբագրիչ, փոխադրիչ, թարգմանիչ) մշակելու աշխատանքին:

«Ուիքիփետիան կարեւոր հարթակ մըն է, ուր արեւմտահայերէնը կարելի է գործածել զանազան ձեւերով՝ կարդալով, խմբագրելով, բարելաւելով ու ստեղծելով արեւմտահայերէն յօդուածներ», ըսաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան: «Ուրախ ենք, որ մեր աջակցութիւնը արդիւնաւէտ հիմքերու վրայ դրուած է: Յուսանք, որ լեզուին տիրապետող բոլոր անհատները օգտագործեն այս առիթը՝ համացանցին վրայ զարգացնելու արեւմտահայերէն բովանդակութիւնը»:

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան բաց է բոլորին: Ուիքիփետիայի խմբագրման գործիքներուն ծանօթ ոեւէ անհատ կրնայ հոն իր մասնակցութիւնը բերել: