ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը Մայիս 22ին միաձայնութեամբ վաւերացուցած է բանաձեւ մը, որ նեցուկ կը կանգնի Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան: Բանաձեւին մէջ կոչ կ՛ըլլայ կեդրոնական իշխանութիւններուն, որ պաշտօնապէս ճանչնան Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ ամրապնդեն Աւստրալիոյ յարաբերութիւնները Արցախի ու անոր քաղաքացիներուն հետ: