ԼՈՍ-ԱՆՋԵԼԵՍ.-asbarez. Անցնող շաբաթներուն Հայաստանի մէջ ծայր առած քաղաքական, տնտեսական եւ իրաւական խոր ու հիմնական բարեկարգումներ առաջադրող համատարած ժողովրդային շարժումը ինչպէս կ՛աւարտի ու ինչի կը յանգի դժուար է նախատեսել այսօր: Նորանշանակ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի ներկայացուցած պարտադրեալ հրաժարականը ժողովրդական շարժման համար խիստ կարեւոր իրագործում մըն է անկասկած: Անշուշտ, բացորոշ է, որ ասիկա ընդդամէնը դրական հանգրուան մը պէտք է համարել դէպի համակարգային արմատական բարեփոխումներու երկար ճանապարհին վրայ: Այս իմաստով ալ տակաւին ի զօրու կը մնայ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի յայտարարութիւնը, ուր կոչ կ՛ուղղուի Հայաստանի քաղաքական բոլոր ուժերուն երկխօսութեան նստելու: Յառաջիկայ օրերուն ու շաբաթներուն պէտք է սպասել՝ տեսնելու համար որ Հայաստանի քաղաքական ուժերուն եւ ժողովրդային շարժման ներկայացուցիչներուն միջեւ ակնկալելի երկխօսութիւնը համակարգային լուրջ բարեփոխուներու ճանապարհային ինչ քարտէս պիտի գծէ, բաղձալի նպատակներուն հասնելու համար: