ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- «System of A Down» երաժշտական խումբի մենակատար, երգիչ ու երգերու հեղինակ Սերժ Թանգեան հիմնած է հայկական սուրճի նոր պիտակ մը, որ պիտի կոչուի «Գաւաթ»: Ան այս մասին տեղեկութիւն տուած է եռամաս՝ «The Art of Work» ֆիլմին երկրորդ մասին մէջ: