Հինգշաբթի, 5 Ապրիլի առաւօտեանն, Արամ Ա. վեհափառը Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանցիսկոս պապին հետ: Արամ Ա. Կաթողիկոս նախ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց պապին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ Լիբանանի գծով իր ցուցաբերած զօրակցութեան համար: Ապա կաթողիկոսը հետեւեալ հարցերը պապին ուշադրութեան յանձնեց.