ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան թնճուկը, որ երկար ժամանակէ ի վեր շատ ցաւալի հարց դարձած է Թուրքիոյ հայոց համայնքային ու եկեղեցական կեանքէն ներս, Փետրուար 5ի երեկոյեան նոր փուլ մը մտաւ՝ Պոլսոյ կուսակալութենէն թէ՛ պատրիարքարանի հասցէին եւ թէ Արամ արք. Աթէշեանին ուղարկուած պաշտօնական նամակով մը։