ԱԶԴԱԿ.- ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Սօսի Սարգիսեան, Ճօ Զուլիկեան եւ Սերուժ Աբիկեան, երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Չեխիոյ Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Չեխիոյ դեսպան Միքայէլա Ֆրոնքովայի հետ: