Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.-ԱՍՊԱՐԵԶ. - «Էրտողան, փոխանակ Եւրոպային դաս տալու, հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրը թող ընդունի», Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Մարտ 23ի երեկոյեան այս բառերով ողջունեց կաթողիկոսարան այցելող խումբ մը լիբանանցի արուեստագէտ-արուեստագիտուհիները, որոնք յառաջիկայ Ապրիլ 24ին, Պիպլոսի մէջ պիտի ցուցադրեն Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած իրենց գեղանկարները: Սոյն ծրագիրը կազմակերպուած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ, եւ անոր նպատակն է արուեստի ճամբով օտարներուն ծանօթացնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը: